ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԱՄՈՒՏ

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ իր երկիրը թիրախաւորուած է Ափրիկէի մէջ։ Փարիզի մէջ կազմակերպուած Ֆրանսայի դեսպաններու խորհրդաժողովին ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ Մաքրոն յայտարարեց, որ Ռուսաստան, Թուրքիա եւ Չինաստան Ափրիկէի մէջ քարոզչութիւն կը կատարեն իր երկրին դէմ։ Անոնք Մալիի պարագային վատ արշաւ մը յառաջ տարած են Ֆրանսայի դէմ։ Ըստ Մաքրոնի, յիշեալ երեք երկիրները պնդած են, թէ Ֆրանսա նոր գաղութայնացման մը հետամուտ է եւ կ՚ուզէ այդ հողերուն վրայ տեղակայել իր բանակը։ Ուստի, ֆրանսացի ղեկավարը նշեց, որ այդ աղաւաղումներուն գործօն ձեւով պէտք է պատասխանել։

Ելոյթին մէջ Մաքրոն խօսեցաւ նաեւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին մասին։ Իր խօսքով՝ պատերազմի սկիզբէն ի վեր ինք քննադատութիւններու առարկայ կը դառնայ՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ յարաբերութիւնները խզած չըլլալու համար։ Յամենայնդէպս, ան պաշտպանեց Ռուսաստանի հետ երկխօսութեան մէջ մնալու ուղղեալ քաղաքականութիւնը։ «Ո՞վ կը փափաքի, որ Թուրքիան ըլլայ աշխարհի այն միակ ուժը, ՆԱԹՕ-ի այն միակ ուժը, որ տեսակցիլ շարունակէ Ռուսաստանի հետ։ Ինչպէս ցայսօր ըրած եմ, պիտի շարունակեմ՝ Ռուսաստանը ներառեալ, բոլոր կողմերուն հետ խօսիլ, յանուն բանակցուած ու մշտական խաղաղութեան», ըսաւ Մաքրոն։ 

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2022