ՎԵՏԻԻ ՄԷՋ ՏՀԱՃ ԴԷՊՔ ՄԸ

Հայաստանի Արարատի մարզի Վետի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է տհաճ դէպք մը, ինչ որ ուշագրաւ դարձած է լրահոսին վրայ։ Երէկ Հայաստանի Քննչական կոմիտէն տեղեկացուց, որ այդ դէպքի մասնակիցները եղած են Թուրքիոյ քաղաքացի ամուսիններ։ Աւելի առաջ լրատուամիջոցները տեղեկացուցած էին, որ նախորդ գիշեր Վետիի մէջ պատահած է դէպք մը, քաղաքի կայարանին մէջ Թուրքիոյ քաղաքացիները հայհոյած են հայերուն։

Հսկողութեան տակ առնուած ենթակաները աւելի ուշ ազատ արձակուած են։ Ոստիկանութիւնը հարցաքննութեան ձեռնարկած է հանգամանքները պարզելու համար։ Հայաստանի փոխ-ոստիկանապետ Արա Ֆիտանեան ենթականերու ազատ արձակման եւ դէպքի հաւանական կրկնութեան ռիսքերուն վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելով ըսաւ. «Մտավախութիւններ կան, բնականաբար, սակայն պէտք է աւելի համակողմանի միջոցներ ձեռք առնուին։ Եթէ մտավախութիւններ կան, ապա այդ անձերը պէտք է անընդհա՞տ անազատութեան մէջ գտնուին։ Ի հարկէ, ոչ։ Եթէ իրաւական հիմքեր չկան, ապա այդ անձերը պէտք է ազատ արձակուին անյապաղ։ Հետեւաբար պէտք են այլ միջոցառումներ եւ մօտեցումներ, որոնք կը մշակուին»։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2022