ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Աւանկարտ եւ փոսթ-մոտեռն նկարչութեան հետեւորդ լեհ յայտնի նկարիչ Հենրիք Չեշնիքի «Վտանգաւոր խաղեր» խորագրեալ ցուցահանդէսը կը ներկայացուի հայ արուեստասէրներուն։ Ան կը բացուի Հոկտեմբերի 5-ին, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ Հենրիք Չեշնիք բազմաթիւ ցուցահանդէսներու մասնակցած է իր հայրենիքին եւ արտասահմանի մէջ։ Ինչպէս բազմաթիւ արուեստագէտներ, ան եւս տարուած է նկարչութեան աւանկարտ եւ փոսթ-մոտերն ուղղութիւններով։ Այդ մասին կը վկայեն նկարիչի գեղարուեստական հակումները՝ ոգեշնչուած Վան Կոկէն, Շիիլէրէն եւ ուրիշներէ։ Փրոֆ. Հենրիք Չեշնիք այժմ կ՚աշխատի Կտանսի Գեղարուես-տի ակադամիոյ մէջ, ուր ուսանած է գեղանկարի բաժինը, կը ղեկավարէ Գեղանկարի եւ գծանկարի հիմունքներու աշխատանոցը։

Ցուցահանդէս բաց կը մնայ մինչեւ Նոյեմբերի 25-ը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2017