ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՍՈՒԳ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ երեկոյեան տեղեկացուց, որ Շարլ Ազնաւուրի յուղարկաւորութեան օրը երկրին մէջ պիտի հռչակուի սուգի օր։ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան եւս ցաւակցական մը հրապարակեց՝ շեշտելով, որ Շարլ Ազնաւուրի անունը ոսկէ տառերով արձանագրուած է համաշխարհային երգարուեստի մէջ։ Երէկ երեկոյեան, Փարիզի մէջ Էյֆէլեան աշտարակը լուսաւորուեցաւ ի յիշատակ առասպելական երգիչին։ Մերձակայքին ալ հնչեցին Շարլ Ազնաւուրի երգերը։ Ընկերային ցանցերուն վրայ լայն տարածում գտաւ համապատասխան տեսանիւթը։ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ երեսփոխանները այս առաւօտ յարգանքի լռութիւն պահեցին ի յիշատակ Շարլ Ազնաւուրին:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆԸ

Անասելի ցաւ ապրեցայ ծանր հարուածէն՝ Ազնաւուրը այլեւս չկայ… Համայն մարդկութիւնը կորսնցուց 20-րդ դարու ամենազգայուն հոգիներէն մին։

Շարլը մարդու հաւաքական կերպարն էր՝ իր յոյզերով ու ապրումներով, կեանքի դժուարութիւններով ու երազանքներով, սէրերով ու ատելութիւններով։

Դարու նման ձգուող իր երկար կեանքի ընթացքին իր հոգեպարար երգերով, իր անկրկնելի կերպարով ան որքա՛ն յոյս վառած է միլիոնաւորներու սրտին մէջ, որքա՛ն ցաւեր ամոքած…

Գրեթէ դար մը գլորած բեմի հսկան թերեւս զսպանակի նման պիրկ ու ամուր էր լուսարձակներու առջեւ, իր անկրկնելի ձայնը տակաւին կը փոթորկէր մարդկային հոգին, պատանիներն ու երիտասարդները, արդէն ճերմակած իր միլիոնաւոր երկրպագուները կը վարակուէին կեանքի այն լուսաւոր սիրով, որ կը ճառագէր յաւերժի այդ ճամբորդէն։

Մեզմէ հեռացաւ հայը, որ միայն ֆիզիքապէս կը գտնուէր հայրենիքէ դուրս. հայրենիքը իր մէջ էր, ան՝ հայրենիքի…

Համաշխարհային ու հայկական մշակոյթէն պոկուեցաւ մեծ ու վառվռուն ասուպ մը, որ իր հետագծով պիտի շարունակէ յաւերժական ճամբորդութիւնը արուեստասէրներու հոգիին եւ սրտին մէջ…

Ես կորսնցուցի իմ լաւագոյն բարեկամներէս մէկը, որու հետ կորսնցուցի իմ լաւագոյն բարեկամներէս մին, որու հետ իւրաքանչիւր հանդիպում իւրայատուկ էր իր ջերմութեամբ ու անջնջելի տպաւորութեամբ…

Սակայն դուն միշտ մեզի հետ ես, սիրելի Շարլ, քու ժողովուրդի հետ, քու Հայաստան եւ Ֆրանսա հայրենիքներուն հետ…

Անկեղծօրէն կը ցաւակցիմ եւ կը վշտակցիմ Շարլ Ազնաւուրի ընտանիքին, հարազատներուն, մերձաւորներուն, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ժողովուրդներուն, Ազնաւուրի արուեստի միլիոնաւոր երկրպագուներուն։

Ճամբիդ լո՜յս, Շարլ…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Սիրելի հայրենակիցներ,

Խոր ցաւով ստացայ Շարլ Ազնաւուրի մահուան բօթը, կեանքի 94-րդ տարիին մեզմէ հեռացած է հայ ժողովուրդի մեծագոյն զաւակներէն մին։

Դժուար է հաւատալ, թէ մահացած է անձնաւորութիւն մը, որ կերտած է ամբողջ դարաշրջան մը, կերտած է պատմութիւն, կերտած է սէր եւ անմնացորդ ծառայած՝ սեփական ժողովուրդին, սեփական ժողովուրդներուն, որովհետեւ Շարլ Ազնաւուր կ՚ըսէր՝ ես հարիւր տոկոսով ֆրանսացի եմ եւ հարիւր տոկոսով հայ։ Ան 80 տարի իր բեմական գործունէութեամբ հիացուց, ջերմացուց եւ ոգեշնչեց տասնեակ, հարիւր միլիոնաւոր մարդիկ՝ բոլոր ցամաքամասերուն։

Սա ցաւալի, սգալի օր մըն է մեր ժողովուրդի եւ մեր երկրի պատմութեան համար։ Մահացած է Հայաստանի ազգային հերոսը։ Անուրանալի է Շարլ Ազնաւուրի աւանդը անկախ Հայաստանի կայացման ու հզօրացման գործին մէջ։

Հայաստանի Հանրապետութեան ու հայ ժողովուրդի անունով իմ խորին վշտակցութիւնը կը յայտնեմ Ֆրանսայի ժողովուրդին, Շարլ Ազնաւուրի հարիւր միլիոնաւոր երկրպագուներուն՝ աշխարհի զանազան մասերուն։ Կը ցաւակցիմ մեզ բոլորիս՝ ամբողջ հայ ժողովուրդին։

Սա իսկապէս մեծ համամարդկային կորուստ մըն է, որովհետեւ Ազնաւուրը մարդ է, որ ստեղծած է ոչ միայն ազգային, այլեւ համամարդկային արժէքներ, որոնք երկար տարիներ մարդկութեան կ՚ուղեկցին դէպի սէր ու համերաշխութիւն՝ այդ արժէքներու հիման վրայ մարդիկ մղելով դէպի առաքինութիւն։

Ի՞ՆՉ ԸՍԻՆ…

Ֆրանսայի ղեկավարութիւնը երէկ խոր ցաւով արձագանգեց Շարլ Ազնաւուրի մահուան։ Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն անմիջապէս հրապարակեց ցաւակցական մը, որու բովանդակութեան մէջ նշեց, թէ Ազնաւուրի գլուխ գործոցները երկար պիտի շարունակեն ապրիլ։

Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ ցաւակցականին մէջ ըսաւ. «Մեզի համար Ազնաւուրը միշտ պիտի ըլլայ բեմի վրայ»։

Ֆրանսայի Մշակոյթի նախարար Ֆրանսուազ Նիսէնն ալ յայտնեց, թէ կեանքէ հեռացած է իսկական առասպել մը, որ հատած է սահմաններն ու դարաշրջանները։

Ֆրանսայի ընդդիմադիր ղեկավարներէն Մարին Լըփէնն ալ յայտարարեց, որ Ազնաւուր հզօր երգիչ մըն էր եւ անկրկնելի բանաստեղծ մը։

Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն ալ հրապարակած ցաւակցականին մէջ շեշտեց, որ Շարլ Ազնաւուր դարձած էր ֆրանսական երգի խորհրդանիշն ու Հայաստանի կրքոտ դեսպանը ամբողջ աշխարհի մէջ։

*

Համաշխարհային երգարուեստի յառաջատար դէմքերն ալ խոր ցաւով անդրադարձան Շարլ Ազնաւուրի կորուստին։

ՏԻԳՐԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆ.- Աշխարհի ժողովուրդներուն հայ սէրը եւ հայ սիրտը բաժնող մեծագոյն առաջնորդն էր։

ԼԵՒ ԼԵՇՉԵՆՔՕ.- Շարլ Ազնաւուր կը մարմնաւորէր եւրոպական շանսոնը եւ դարաշրջանի խորհրդանիշն էր։

ՍԵՐԿԷՅ ՍՄԲԱՏԵԱՆ.- Մահացած է Շարլ Ազնաւուրը, մեր ազգի առասպելը՝ առասպել, զոր կը սիրենք եւ միշտ պիտի սիրենք։ Ես շատ լաւ կը յիշեմ իմ առաջին հանդիպումը իր հետ՝ 12 տարեկան էի։ Կը յիշեմ այդ համերգը, որուն ներկայ էի։ Մեծ կորուստ է մեր ազգին համար։ Վստահ եմ, թէ միշտ պիտի յիշենք Ազնաւուրը, իր երաժշտութիւնը միշտ պիտի ուղեկցի մեզի եւ մենք միշտ վառ պիտի պահենք անոր յիշատակը։

ԿՈՆՍՏԱՆԴԻՆ ՕՐԲԷԼԵԱՆ.- Մեծանուն հայը մշտապէս պիտի մնայ մեր սիրտերուն եւ յուշերուն մէջ։ Յիշատակդ անմահ է, մեր սիրելի մաէսթրօ Ազնաւուր։

ԺԱՆ ՔԼՈՏ ՎԱՆ ՏԱՄ.- Ես պիտի կարօտնամ քեզ իմ՝ երկրի վրայ մնացած օրերուն ընթացքին։

ՍԵՐԺ ԹԱՆԿԵԱՆ.- Շարլ Ազնաւուրը օրինակելի է՝ որպէս արուեստագէտ, աքտիւիստ եւ հայրենասէր։

ՍԵԼԻՆ ՏԻՈՆ.- Ամբողջ աշխարհը այժմ կը սգայ։ Այսօր հրաժեշտ կու տանք Պարոն Ազնաւուրին՝ Հայաստանի զաւկին, որ դարձած է ֆրանսերէնով սիրային երգերու ամենայայտնի դեսպանը։ Որպէս արուեստագէտ՝ բեմը վերջերս դարձած է իր տունը։ Պարոն Ազնաւուր, դուք ինծի համար միշտ կը մնաք հրաշալի։

ԽՈՒԼԻՈՅ ԻԿԼԵՍԻԱՍ.- Մեզի մնացած է յաւերժութիւնը, որպէսզի միասին երգենք։ Իմ սիրելի ուսուցիչ, հանգչէ խաղաղութեամբ։

ԱՆՏՐԷԱ ՊՈՉԵԼԼԻ.- Ձեր կիրքը աշխատանքի նկատմամբ ինծի համար միշտ օրինակ պիտի ըլլայ։ Շարլ, դուք միշտ մեզի զարմացուցած էք ձեր արուեստով ու փայլուն առոգանութեամբ։ Իրականութեան մէջ դուք մեր բոլորի մէջ ամենաերիտասարդն էիք, հակառակ գրեթէ դար մը տեւած ձեր քարիէրին, դուք միշտ պատրաստ էիք համերգ մը տալու որեւէ տեղ ու որեւէ պահ։ Եթէ կը փափաքիք, որ հանդիսատեսը սիրէ ձեզ, դուք պէտք է սիրէք հանդիսատեսը։ Ձեր խօսքերն են, որ միշտ կը կրկնէիք եւ անկասկած այս արուեստի մէջ դուք անսահմանափակ սէր ներարկած էք։

ԻՐ ԽՈՀԵՐԸ

Աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր հարցազրոյցի մը ընթացքին կեանքի եւ արուեստի մասին ամենավառ միտքերը արտայայտած էր՝ ինքնուրոյն ոճով։ Իր մահուան առթիւ կը վերյիշուին այդ բոլորը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր այդ մօտեցումները։

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Այդ աղքատ տարիները ամենաուրախն էին իմ կեանքին մէջ։ Մենք երջանիկ էինք՝ ունենալով ոչինչ, բացի մենք մեզմէ, ծիծաղէ եւ փոխադարձ սէրէ։

ԻՐ ՄԱՍԻՆ 

Ի՞նչ կը սիրեմ ամենէն շատ. Աւելի շատ զարմացնել ես զիս, քան ուրիշները։

ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Իւրաքանչիւր թեքստ իր մեղեդին ունի՝ լաւը կամ վատը, կարեւորը այդ մէկը լսելն է։

ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Ժամանակակից երաժշտական գործարարութիւնը դատարկ է։ Երգիչները յաճախ հանրայայտ կը դառնան միայն այն պատճառով, որ երիտասարդ սերունդի մօտ կը բացակայի ճաշակը։

ԿԱՆԱՆՑ ՄԱՍԻՆ

Եթէ թոյլ սեռը ուժեղ է, ապա այն պատճառով, որ ուժեղ սեռը չափազանց մեծ թուլութիւն կը զգայ թոյլի նկատմամբ։

ԴՐԱՄԻ ՄԱՍԻՆ

Պէտք չէ երաժշտութեամբ զբաղիլ գումար վաստակելու համար, սակայն կարելի է զբաղիլ ապրուստ վաստակելու համար։

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԱՍԻՆ

Ես կը շարունակեմ ըլլալ գաղթական, որ ընդունած է ուրիշ երկիր, ուրիշ մշակոյթ, ուրիշ լեզու, սակայն ոչ անոր պատմութիւնը։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԱՍԻՆ

Չեմ գիտեր՝ կը հաւատա՞մ արդեօք Աստուծոյ։ Սակայն Ան, որուն այդպէս կ՚անուանեն, կրնայ մեզի տալ անհրաժեշտ ամէն բան։

ԿԵԱՆՔԻ ՄԱՍԻՆ

Մենք ծնած ենք, որպէսզի մեռնինք, սակայն մինչ այդ պէտք է ապրիլ։  

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2018