ԱՊՐԵՑՆԵԼ ԵՒ ՕԳՆԵԼ

27-րդ գումարման Ազգային մեծ ժողովի երրորդ նստաշրջանը երէկ սկսաւ հանդիսաւոր նիստով մը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ խորհրդարանի նոր նստաշրջանի բացման առթիւ հանդէս եկան ելոյթներով։

Երէկուան լիագումար նիստին ժամանակ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան անդրադարձաւ երկրի արտաքին ու ներքին օրակարգի բազմաթիւ խնդիրներուն։ Էրտողան այս առթիւ շեշտեց, որ Թուրքիա միայն այս ընդարձակ տարածքաշրջանէն  ներս ապրեցնելու, աջակցելու եւ եթէ հնարաւոր է՝ միասնաբար շահելու համար պայքար կը տանի։ «Մեր սահմաններէ դուրս որեւէ գործունէութիւն չի հետապնդեր բռնագրաւման կամ չարաշահման նպատակ։ Մենք այն ինչ, որ կը հետապնդենք մեր անվտանգութեան, անդորրութեան համար, մեզի մերձակայ կամ հեռաւոր մեր բոլոր բարեկամներուն համար ալ կու տանք նոյն պայքարը», ըսաւ Էրտողան։

Երէկուան ելոյթին ժամանակ նախագահը շեշտեց, որ Թուրքիա պարտաւոր է հետաքրքրուելու խնդիրներուն հետ այն բոլոր բարեկամներուն, որոնց հետ նոյն պատմութեան ու քաղաքակրթութեան շրջանակին մէջ կը գտնուի։ Այսօր տարածքաշրջանէն ներս եւ ընդհանրապէս աշխարհի մէջ հարիւրմիլիոնաւոր մարդիկ կը հետեւին Թուրքիոյ։ Ինչպէս որ Թուրքիա չի կրնար անտեսել Սուրիան, նոյնը ի զօրու է Պաղեստինի, Լիպիայի, Փաքիստանի, Աֆղանիստանի, Արաքանի, Թիւրքիստանի պարագային։ Ինչպէս որ Թուրքիա չի կրնար անտեսել Իրանն ու Իրաքը, նոյնը ի զօրու է Ատրպէյճանի, Ղազախիստանի, Էօզպեքիստանի, Թիւրքմենիստանի, Խրղըզիստանի, Խրիմի եւ Ասիոյ աշխարհագրութեան պարագային։ Ինչպէս որ Թուրքիա Կիպրոսի, Յունաստանի եւ Պուլկարիոյ իր ցեղակիցներու իրաւունքները պաշտպանելու պարտականութիւնը ունի, նոյնը ի զօրու է ամբողջ Պալքաններու եւ Եւրոպայի աշխարհագրութեան համար։ «Միջերկրականի, Եգէականի եւ Սեւ ծովու իւրաքանչիւր իրադարձութիւն մեզ կը հետաքրքրէ ուղղակիօրէն։ Եւրոպայէն մինչեւ Կովկաս, Միջին Ասիայէն մինչեւ Հարաւային Ասիա՝ մենք ամէն տեղ ներկայութիւն կը ցուցաբերենք այս հասկացութիւնով», ըսաւ Էրտողան։

Ելոյթին մէջ նախագահը մասնաւորապէս կանգ առաւ Սուրիոյ տագնապին վրայ եւ ընդգծեց, որ Թուրքիա միշտ կողմնակից է այդ հարեւան երկրի տարածքային ամբողջականութեան։ Թուրքիա երբեք Սուրիոյ պարագային կողմնակից չէ եղած պատերազմի եւ արիւնի հեղման։ Ընդհակառակն՝ այդ երկրի ամբողջ ժողովուրդին համար կը ձգտի խաղաղ ու բարեկեցիկ ապագայի մը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2019