ԿՐԵԹԱ ԹՈՒՆՊԵՐԿԻ ՎԻԹԽԱՐԻ ԴԻՄԱՆԿԱՐԸ ԴԱՇՏԻՆ ՎՐԱՅ

Իտալացի նկարիչ Տարիօ Կամփարին Իտալիոյ մէջ քաշանի միջոցով ստեղծած է շուէտուհի Կրեթա Թունպերկի վիթխարի դիմանկարը դաշտին վրայ։

«Ամբողջ գործընթացը շարունակուեցաւ 9-10 ժամ՝ առանց ընդմիջման: Երբ ես նման դիմանկարներ կը ստեղծեմ գետնին, կանգ առնելը կարելի չէ, որովհետեւ արեւէն ամբողջը կը խունանայ», յայտարարած է Կամփարին: Աշխատանքը գնահատել կարելի է թռչունի թռիչքի բարձրութենէն: Նկարիչը պարզաբանած է, որ դիմանկարը կատարած է կլիմային նուիրուած գագաթաժողովի առթիւ, որ կայացած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի բացման նախօրեակին, ուր ելոյթ ունեցած է Կրեթա Թունպերկ:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Կամփարին, որ արդէն իր նկարներու անհատական ցուցահանդէսներ սարքած է, լանտշաֆտային արուեստի (լենտ-արթի) ստեղծագործութիւններու ստեղծման ձեռնամուխ եղած է աւելի քան տասն տարի առաջ: Ան ինքն իր ստեղծագործութիւնները կը համարէ «բնապահպանական» եւ «վաղանցիկ», քանի որ անոնք յարատեւ չեն, եւ, հետեւելով բնական կլիմային, 7-10 օր յետոյ կ՚անհետանան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2019