ՏԱՐԱՆՑԻԿ ՄԵԾ ՆԵՐՈՒԺ

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) գագաթաժողովը, որուն մասնակցեցան թէ՛ լիիրաւ անդամ երկիրներու եւ թէ գործընկեր երկիրներու ղեկավարները։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տանտիրութեամբ կազմակերպուեցաւ ԵԱՏՄ-ի Բարձրագոյն եւրոասիական տնտեսական խորհուրդի հերթական ժողովը՝ նեղ եւ ընդլայնուած կազմերով։ Գագաթաժողովի առթիւ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ ԵԱՏՄ-ի բոլոր օղակներու միջեւ սերտ համագործակցութեան շնորհիւ կարելի եղած է ընդլայնել անոր ընդգրկած աշխարհագրութիւնը։ Արդարեւ, երէկ Երեւանի մէջ ազատ առեւտուրի համաձայնագիր ստորագրուեցաւ ԵԱՏՄ-ի եւ Սինկափուրի միջեւ։

Հայաստանի վարչապետը գագաթաժողովի ընթացքին ընդգծեց շարք մը կարեւոր հանգամանքներ, որոնք կրնան նախադրեալներ հանդիսանալ համագործակցութեան ապագայ խորացման համար։ Ընդգծելով ԵԱՏՄ-ի տարանցիկ ներուժը՝ Նիկոլ Փաշինեան կանգ առաւ կազի ընդհանուր շուկայի մը ձեւաւորման եւ ԵԱՏՄ-ի տարածքէ ներս աշխատուժի ազատ տեղաշարժի անհրաժեշտութեան վրայ։

Գագաթաժողովի մասնակից ղեկավարներուն հետ ունեցած երկկողմանի հանդիպումներուն ծիրէն ներս Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց նաեւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը, որ եւս մասնակցեցաւ Երեւանի գագաթաժողովին։ Փաշինեան այս առթիւ ընդգծեց հայ-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը։ Երկու ղեկավարներն ալ շեշտեցին, որ Հայաստան եւ Ռուսաստան ռազմավարական գործընկերներ են։ Փաշինեան յոյս յայտնեց, որ այդ ռազմավարական գործընկերութիւնը աւելի եւ աւելի ամուր պիտի դառնայ։ Իր կարգին, Վլատիմիր Փութինն ալ կանգ առաւ երկու ժողովուրդներու յարաբերութիւններու դարաւոր պատմութեան վրայ։

Ջերմ եւ բարեկամական մթնոլորտի մէջ անցած առանձնազրոյցի ժամանակ Հայաստանի վարչապետն ու Ռուսաստանի նախագահը քննարկեցին երկկողմանի օրակարգի հարցերու լայն շրջանակ։ Անոնք մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձուցին երկկողմանի տնտեսական համագործակցութիւնը, ռազմաքաղաքական գործընկերութեան ապագայ ամրապնդումը եւ տարածքաշրջանային բնոյթով հարցերը։ Նախագահ Վլատիմիր Փութին հրաւէր ուղղեց, որպէսզի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական այցելութիւն մը տայ Ռուսաստան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2019