ՄԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ ՄԸ ՊԻՏԻ ԿԱԶՄԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՌԱՋԱՐԿԻՆ ՀԱՄԱՐ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Իսթանպուլի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ Շուրջ երկու ժամ տեւեց այս հանդիպումը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Սուրիոյ հիւսիսին Թուրքիոյ կողմէ նախատեսուած անվտանգ գօտիի վերաբնակեցման խնդիրը։ Արդարեւ, Թուրքիա կը ծրագրէ այդ գօտիէն ներս ձեռնարկել հսկայական նոր քաղաքաշինութեան աշխատանքներուն։ Թել Ապիատէն մինչեւ Ռեսուլայն ձգուող այդ գօտիէն ներս Թուրքիա կ՚առաջարկէ նոր քաղաքներու կառուցուիլը։ Նախագահ Էրտողան Անթոնիօ Կութերեսէն խնդրեց, որպէսզի այս ծրագրին ի նպաստ ՄԱԿ կոչ ուղղէ միջազգային նուիրատուներուն։ Անգարայի ղեկավարութիւնը վճռած է այս ծրագիրը կեանքի կոչել եւ նոյնիսկ պատրաստակամ է առանձին շարժման անցնելու։ Նախագահ Էրտողանի հետ հանդիպման ընթացքին Անթոնիօ Կութերես տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ այս առաջարկը ուսումնասիրելու համար ՄԱԿ մասնաւոր խումբ մը պիտի կազմէ։
Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիա աւելի քան երեք միլիոն սուրիացի ապաստանեալ կը հիւրընկալէ տարիներէ ի վեր եւ այս ծրագրին շնորհիւ անոնք պիտի կարենան վերադառնալ իրենց հայրենիքը։