ԻՐԱՆ ՉԻ ՀԱՆԴՈՒՐԺԵՐ

Իրանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ապպաս Արաքչի յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ Թեհրանի նախաձեռնութեան նպատակն է հակամարտութիւնը կարգաւորել տարածքաշրջանային համագործակցութեան միջոցաւ։ Ան շաբաթավերջին աւարտեց իր ուղեւորութիւնը՝ դէպի Պաքու, Մոսկուա, Երեւան եւ Անգարա։ Արաքչի Անգարայի մէջ հիւրընկալուեցաւ Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սետաթ Էօնալի կողմէ։ Քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ հարցեր։ Օրակարգի վրայ եկան Թեհրանի կողմէ մշակուած ծրագրին մանրամասնութիւնները։

Իր կարգին, Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆն ալ յայտնեց, որ պատերազմը ամենամեծ վնասը կը հասցնէ տարածքաշրջանի երկիրներուն։ Ուստի, այդ երկիրները պատերազմը դադրեցնելու հարցին մէջ կրնան առաւելագոյն ազդեցութիւնը ունենալ։ Ըստ Զարիֆի, Թեհրանի նախաձեռնութիւնը նպատակ չունի մրցիլ կարգաւորման այլ դրութիւններու հետ՝ ներառեալ ԵԱԿՀ-ի Մինսքեան խմբակը։ Թեհրանի ծրագրի առանձնայատկութիւններէն մին է ո՛չ միայն ժամանակաւոր հրադադարի հաստատումը, այլ նաեւ՝ հակամարտութեան կարգաւորումը։ Նոյն ծիրին մաս կը կազմեն մարդոց իրաւունքներու ապահովումը, հաղորդակցութեան ուղիներու հաստատումը եւ տարածքաշրջանային երկիրներու կողմէ հաշտութեան ծրագրի իրականացման գործընթացի դիտարկումը։ Բաց աստի, Ճեւատ Զարիֆ կրկնեց, որ Իրան չի հանդուրժեր իր սահմաններու մօտ ահաբեկիչներու ներկայութեան։ «Մենք գրեթէ վստահ ենք, թէ ահաբեկիչները մասնակցած են բախումներուն։ Այդ քայլը որեւէ մէկու օգտին չէ», ըսաւ Զարիֆ եւ աւելցուց, որ բանակցութիւններու ընթացքին Իրան Հայաստանին, Ատրպէյճանին, Ռուսաստանին եւ Թուրքիոյ տեղեկացուցած է, որ այդ երեւոյթը անհանդուրժելի է իրեն համար։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԿՈՒԹԵՐԵՍ

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես հերթական անգամ մտահոգութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական գործողութիւններու շարունակուելուն եւ խաղաղ բնակչութեան կրած ազդեցութեան շուրջ։ Ան կոչ ուղղեց, որպէսզի Հայաստան եւ Ատրպէյճան աւելի սերտօրէն համագործակցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ՝ իրավիճակը կարգաւորելու ուղղութեամբ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2020