ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՒԱՔ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գործերով նորանշանակ փոխ-տեղակալ Էրիքա Օլսոն կը պատրաստուի այցելել Հարաւային Կովկաս։ Տարածաշրջանային ուղեւորութեան ծիրէն ներս ան շփումներ պիտի ունենայ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի մէջ։ Այցելութեան նպատակն է երկկողմանի բնոյթով հարցեր քննարկել եւ խթանել համագործակցութիւնը տարածաշրջանէ ներս։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանութիւնը հաղորդումներ կատարած է ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտի շրջագայութեան մասին։ Այսպէս, Էրիքա Օլսոն Երեւանի մէջ կեցութեան ընթացքին, 2-4 նոյեմբերին, պիտի մասնակցի ԱՄՆ-ի՝ Հարաւային Կովկասի դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներու համաժողովին։ Այսպէս, սոյն համաժողովին պիտի մասնակցին Երեւանի, Պաքուի եւ Թիֆլիզի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանները, Կովկասի վերաբերեալ բանակցութիւններու հարցերով գլխաւոր խորհրդատու Էնտրու Շեֆըր (ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ) եւ ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութեան Ուաշինկթընի գրասենեակի փոխ-տնօրէն Ալեքսանտր Սոքոլովսքի։

Բացի ներքին քննարկումներէն, համաժողովի մասնակիցները հանդիպումներ կ՚ունենան Հայաստանի կառավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ։  

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2021