ՆՈՐ ԽՄՈՐՈՒՄՆԵՐ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան ծանր պայմանները տակն ու վրայ ըրած են հայ իրականութիւնը։ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ յառաջացած է անխուսափելի տագնապ մը։ Տարակոյս չկայ, որ այս տագնապի թօթափման անհրաժեշտ նախապայմանն է նոր իշխանութեան մը ձեւաւորուիլը։ Շաբաթներէ ի վեր կը պահանջուի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։ Ան թէեւ կը ջանայ տպաւորութիւն ստեղծել, թէ անդրդուելի կը մնայ, սակայն դաշտի վրայ առկայ իրադարձութիւնները անհերքելի կը դարձնեն, որ իր շուրջ օղակը կը սեղմուի։

Երբ քաղաքական հաւասարակշռութիւններու վերաձեւաւորման հորիզոնը ուրուագծուած է երկրին առջեւ, Հայաստան խիստ լարուած պայմաններու ներքեւ կը գտնուի։ Երեւանի կեդրոնին շաբաթներէ ի վեր կը շարունակուին հանրահաւաքները, բողոքի ցոյցերը եւ երթերը։ Նոր խմորումներ խնդրոյ առարկայ են եւ համապատասխան գործընթացները կը հասուննան, դժբախտաբար, ցնցումներու ընդմէջէն։

Վարչապետ Փաշինեանի իշխանութիւնը կը ջանայ իրադրութիւնը վերահսկողութեան տակ պահել՝ առաւել չափով օգտուելով իրաւապահ մարմիններէն եւ յոյսը դրած ըլլալով անոնց խիստ միջամտութիւններուն վրայ։ Երէկ երեկոյեան ալ ոստիկանութիւնը խիստ միջոցներ ձեռք առաւ Երեւանի կեդրոնին բողոքի դուրս եկած ցուցարարներուն դէմ։ Ոստիկանները հազիւ կը զսպեն ցուցարարներու պոռթկումը։ Իրականութեան մէջ, նման ծանր իրավիճակներու պարագային, յարաբերական կայունութեան հաստատման նպատակով թէեւ կարելի է մասամբ արդարացնել ոստիկանութեան միջամտութիւնները, սակայն, այս պարագային այդ վարկածը իսկապէս չի բանիր՝ հաշուի առնելով Նիկոլ Փաշինեանի առջեւ իշխանութեան դուռը բացած մօտաւոր անցեալի այն իրադարձութիւնները, որոնք տակաւին շատ թարմ են բոլորի յիշողութեան մէջ։ Այսօր ալ, երեկոյեան ժամերուն Երեւանի մէջ ընդդիմութիւնը կ՚իրականացնէ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով «Արժանապատուութեան երթ» մը, որ սկիզբ կ՚առնէ Արամ Խաչատուրեանի արձանի առջեւէն։

Ժողովրդական յենարաններէ զրկուած Հայաստանի իշխանութիւնները բոլոր հարթութիւններու վրայ շատ ծանր մեղադրանքներու կ՚ենթարկուին։ Այդ մեղադրանքներու փոխարէն Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ կատարուած արդարացման փորձերն ալ կը ձախողին, որովհետեւ պատերազմի 44 օրերուն իր կողմէ կատարուած տնօրինութիւններուն վերաբերեալ հրապարակումներն ու բացայայտումները անկիւնային վիճակի կը մատնեն վարչապետը։ Արդէն հարցը միայն ժողովրդականութեան անկումով սահմանափակուած չէ։ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս ալ հետզհետէ զօրակցութիւնը կը տկարանայ երկրի կառավարութեան համար։ «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը, որ ունի մեծամասնութիւն եւ Փաշինեանի վարչախումբի հիմնական յենարանն է, կորուստներ կու տայ իր շարքերէն։

Արցախի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան գործադրութեան ժամանակացոյցն ալ գրեթէ հասած է իր աւարտին եւ ըստ որոշ քաղաքական մեկնաբաններու, սա արդէն շատ աւելի կը նուազեցնէ կառավարութեան դիմադրելու կարելիութիւնները։ Արդարեւ, եթէ որոշ միջազգային ուժեր Փաշինեանի կողմէ ստորագրուած հրադադարի համաձայնութեան ի կատար ածուիլը երաշխաւորելու համար մասամբ սատար կը հանդիսանային անոր, ապա այսօր բոլորը կրնան նկատել, որ Հայաստանի կառավարութիւնը անշրջադարձելի փակուղիի մը մատնուած է եւ անհեռանկար է անոր ցուցաբերուելիք աջակցութիւնը։ Ըստ երեւոյթին, Նիկոլ Փաշինեան քաղաքական ապագային մասին վերջնական կողմնորոշում մը ունենալու համար կը սպասէ այս օրերուն նախատեսուած իր Մոսկուա այցելութեան։ Այսինքն, իր վարչախումբի ապագան այլեւս արտաքին քաղաքական գործօններով պայմանաւորուած ըլլալ կը թուի, որովհետեւ երկրէն ներս ան գրեթէ որեւէ լծակի չի տիրապետեր։

Ընդդիմադիր գործիչ Գեղամ Մանուկեան, որ վերջին օրերուն հացադուլի ձեռնարկած էր Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով, երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդամ, «Երկիր մետիա» հեռուստակայանի լրատուութեան բաժնի պատասխանատու Գեղամ Մանուկեան՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի յորդորով հացադուլը դադրեցնելէ վերջ երէկ յայտնեց. «Նիկոլ Փաշինեան տէր չի կանգնիր զինուորին, կորսուածին, ամէն օր թոյն կը ներարկէ հանրութեան, հիմա ալ մարդիկ կ՚ուղղորդէ զինեալ ուժերու դէմ»։ Իր կարգին, Արցախի նախկին վարչապետներէն Անուշաւան Դանիէլեանն ալ երէկ շատ խիստ արտայայտութիւններով հանդէս եկաւ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ։ Ան յայտնեց. «Արցախը ո՛չ միայն Հայաստան է, այլեւ՝ Հայաստանի միջնաբերդն է։ Արցախը նաեւ մեր ժողովուրդի, մեր ազգի միասնութեան գաղափարական միջնաբերդն է։ Եթէ կորսնցնենք Արցախը, կը շրջենք հայոց պատմութեան վերջին էջը։ Բայց կ՚ուզեմ նաեւ յիշեցնել, որ եթէ սկիզբէն միջնաբերդը կ՚իյնայ, ուրեմն դաւադրութիւնը եղած է ներսէն։ Ներսը, տուեալ պարագային Հայաստանն է։ Այդպէս ալ եղաւ»։ Անուշաւան Դանիէլեան շեշտած է, որ Հայաստան կը շարունակէ մնալ դաւաճանական հերձատիրական խումբի մը ձեռքին մէջ։

Այս եւ նման ելոյթները, համապատասխան տրամաբանութեամբ կոչերը շաբաթներէ ի վեր կը բնորոշեն Հայաստանի օրակարգը։ Խոր բեւեռացումներ յառաջացած են երկրէն ներս, մինչ այդ բոլորի յաղթահարման համար՝ բոլոր աչալուրջ շրջանակներուն կողմէ անհրաժեշտ կը նկատուի համախմբումը։ Բնականաբար, նոր ընտրութիւններով ձեւաւորուելիք իշխանութիւն մը պիտի կարողանայ ապահովել այդ համախմբումը եւ երկիրը անցնցում ձեւով այդ փուլին առաջնորդելու համար պէտք է ձեւաւորուի անցումային կառավարութիւն մը։

Այս ամբողջ լարուածութիւնը կը բիւրեղանայ Հայաստանի տեսակէտէ ստեղծուած իսկապէս ողբերգական համայնապատկերի մը վրայ։ Վերջին շուրջ երեսուն տարիներու ընթացքին հայկական զինեալ ուժերուն կողմէ վերահսկուած տարածքներ՝ պատերազմի ձախողման հետեւանքով իրերայաջորդ ձեւով կը յանձնուին Ատրպէյճանին։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ անխուսափելի կը դառնան սահմանազատման աշխատանքներ։ Լուրջ աշխատանք եւ բանակցութիւններ պէտք է տարուին երկրի սահմաններու յստակեցման համար։ Բայց եւ այնպէս, պետական պատկան մարմիններու ներկայ պայմաններու ներքեւ մատնուած կացութիւնը յոյս չի ներշնչեր ժողովուրդին։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ Կալուածներու արձանագրութեան կոմիտէն վերջին օրերուն տեղեկացուցին, թէ տակաւին տեղեկութիւն չունին, որ արդեօք սկսա՞ծ է պետական սահմանի սահմանազատման աշխատանքը, կամ ոչ։

Բարդութիւններ կան նաեւ երկրի հարաւի Սիւնիքի մարզի պարագային։ Արդարեւ, հրադադարի համաձայնութիւնով նախատեսուած է Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջանցքի մը բացուիլը, որ պիտի սանցնի Սիւնիքով։ Այդ մէկը Ռուսաստանի խաղաղապահներու հակակշռին տակ պիտի գտնուի։ Հայաստանի կառավարութիւնը այս խնդիրը կը մատուցէ որպէս փոխադրութեան միջանցքի մը բացում։ Յամենայնդէպս, ընդդիմութիւնը այդ նրբանցքի պարագային ահազանգ կը հնչեցնէ՝ մատնանշելով վտանգներ Հայաստան-Իրան կապի խզման տեսակէտէ։ Վերջին օրերուն Սիւնիքի մարզպետը արդէն հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Հայաստանի կառավարութեան աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ վարչապետի նորանշանակ աւագ խորհրդական Արայիկ Յարութիւնեան Սիւնիք գործուղղուած է՝ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով։ Հաղորդումներուն մէջ չէ յստակեցուած, որ ի՛նչ է այս գործուղղման պատճառը։ Սիւնիքի փոխ-մարզպետը թէեւ երէկ յարաբերաբար լաւատես յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ, սակայն Պաքուէն հնչած տեսակէտները կասկածի տակ կը թողուն այդ բոլորը։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերջին օրերուն յայտարարեց, որ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահները դրական վերաբերմունք ցոյց կու տան իր երկրի արեւմտեան շրջանները եւ Նախիջեւանը միացնելիք միջանցքի մը գաղափարին նկատմամբ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով երէկ հրաժարեցաւ մեկնաբանելէ Ալիեւի այս յայտարարութիւնները։ Ան բաւարարուեցաւ միայն ուշադրութիւն հրաւիրելով այն հանգամանքին վրայ, թէ փոխադրական հաղորդակցութիւններու նիւթը Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու քննարկման առարկայ է։ «Միայն յիշեցնեմ, որ մէկ կամ երկու շաբաթ առաջ մենք Ալիեւի հետ հեռախօսազրոյցի մասին հաղորդագրութիւններէն մէկուն մէջ նշած ենք, որ պետութիւններու ղեկավարները այլ խնդիրներու հետ քննարկած են տարածքաշրջանէ ներս փոխադրական հաղորդակցութիւններու զարգացման եւ ապաշրջափակման հարցերը», աւելցուցած է Փեսքով։

Հրադադարի համաձայնութեան գործադրութեան տեսակէտէ վիճելի խնդիր մը դարձած է նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ գերեվարուած հայ զինուորներու եւ քաղաքացիներու վերադարձի յապաղման հարցը։ Վերջին օրերուն Հայաստանի մէջ այս խնդիրը պատճառ դարձած է բողոքի մեծ ալիքի մը եւ ցուցարարներ դիմած են նաեւ շահագրգիռ օտար երկիրներու դեսպանութիւններուն։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս գերիներու եւ զոհերու աճիւններու փոխանակման հարցին շուրջ դիտումնաւոր ձգձգման միտումներ չի նկատեր։ Ըստ իրեն, գործընթացէն ներս յառաջացած յապաղումներուն տեսակէտէ կան առարկայական դժուարութիւններ։ Ան յոյս յայտնեց, որ այդ խնդիրները առաւել արագ կը լուծուին։ Լաւրով նշեց, որ ռուս խաղաղապահներու գլխաւոր նպատակներէն մին է կողմերուն աջակցութիւն ցուցաբերել այս ուղղութեամբ։ Անոնք արդէն շատ յստակ քայլեր կ՚առնեն։ «Մենք շահագրգռուած ենք, որպէսզի այս մարդասիրական խնդիրը լուծուի հնարաւորինս արագ», ըսաւ Լաւրով։

Պաքուի ղեկավարութիւնն ալ երէկ արձագանգեց այս հարցին։ Ատրպէյճանի պատկան մարմինները տեղեկացուցին, որ «բոլորը բոլորի դիմաց» սկզբունքով Հայաստանի հետ ռազմագերիները փոխանակելու մտադրութիւն ունին։ Անոնք ընդգծեցին, որ հակամարտութեան գօտիէն ներս կորսուած զինուորներու հարցին շուրջ ալ շփման մէջ կը գտնուին ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութեան հետ։

Պատերազմական գօտիէն ներս ծագած ակնյայտ մարդասիրական տագնապը իսկապէս տխուր դրսեւորումներ կ՚ունենայ։ Ռուս խաղաղապահներու գոյութեամբ պայմանաւորուած երաշխիքներուն զուգահեռ՝ պատերազմի շրջանին Արցախը լքած ընտանիքներ մէկ կողմէ կը վերադառնան, իսկ միւս կողմէ լուծումներ կ՚որոնուին մարդասիրական ծանր հարցերուն համար։ Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէն ալ վերջին օրերուն տեղեկացուց, որ մտադիր է Լեռնային Ղարաբաղէ ներս իր աշխատակիցներու թիւը 400-ի հասցնելու։ 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2020