«ՓՈՔՐԻԿ»Ի ՀԵՔԻԱԹԱՀԱՒԱՔԸ

«Փոքրիկ» մանկապատանեկան կայքէջը ներկայիս ձեռնարկած է «հեքիաթահաւաք»ի մը։ Այս նոր ծրագրի կազմակերպումով «Փոքրիկ»ը կը ձգտի քաջալերել հեղինակները, խրախուսել նոր գրողները ու նպաստել հայ մանկական գրականութեան՝ արդի եւ ուրոյն ստեղծագործութիւններով։

Հեքիաթահաւաքի աշխատակազմը այս փուլին որդեգրած է «Հիմա գրելու ժամանակն է» կարգախօսը։ Աշխատակազմը համոզուած է, թէ անոնք, որոնք մանկական գրականութեան կը հետեւին, անծանօթ չեն անոր նրբութիւններուն, մանկավարժութեան կամ հոգեբանութեան ծալքերուն, ուրեմն աւելի արդիական նիւթեր զարգացնելով նոր հեքիաթներ ստեղծագործելու հորիզոնը կրնան ունենալ։ Հեքիաթահաւաքի մասնակցելիք հաւանական թեկնածուները պէտք է անպայման արտադրեն հայերէնով՝ արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն։ Հեղինակի թեկնածուներու պարագային տարիքի սահմանափակում չէ հաստատուած։ Որեւէ նիւթի մասին կարելի է գրել։ Մինչեւ 28 փետրուար 2022 թուականը նոր հեքիաթները պէտք է ուղարկուին «Փոքրիկ»ի ելեկտրոնիք հասցէին։ Ներկայացուելիք աշխատանքներու շարքէն պիտի ընտրուին երեք յաջողագոյններ եւ իւրաքանչիւր հեղինակին դրամական մրցանակ մը պիտի տրուի։

Հեքիաթահաւաքի աշխատակազմի անդամներն են՝ մանկական գիրքերու հեղինակ Անահիտ Սարգիսեան, Երեւանի Մանկական գրադարանի հեքիաթի բաժնի վարիչ Իսկուհի Աւետիսեան, ամերիկահայ կրթական մշակներ Թամար Թիւֆէնքճեան եւ Մարի Կիւլիւմեան, պոլսահայ ուսուցչուհի Մարի Գալայճը եւ լիբանանահայ բեմադրիչ Սէրուժ Յովսէփեան։

«Փոքրիկ» մանկապատանեկան կայքէջը, որ կը ներկայանայ՝ որպէս հեքիաթարան, 2014 թուականին ստեղծուած է Իսթանպուլի մէջ ու ցայսօր աւելի քան 550 հեքիաթ հրապարակած է արեւմտահայերէնով։ Կայքէջի վրայ տեղ գտած հեքիաթները հասանելի են նաեւ ընկերային ցանցերու վրայ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2021