ՇՓՈՒՄՆԵՐՈՒ ԽՏԱՑՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Սթոքհոլմի մէջ կը մասնակցի ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։ Սա այս կազմակերպութեան 28-րդ նախարարական համաժողովն է, որ  սկսաւ երէկ ու պիտի եզրափակուի վաղը։ Եռակողմանի հաւաքին կը մասնակցի նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով։ Երկու օրէ ի վեր լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Սթոքհոլմի մէջ այսօր հաւանաբար տեղի ունենայ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներն ալ տեղեկացուցած էին, որ Սթոքհոլմի մէջ Արարատ Միրզոյեան կ՚ունենայ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու ծառայութեան աղբիւրներն ալ վերջին օրերուն հաղորդեցին, որ Միրզոյեան եւ Պայրամով այսօր ժամադրուած են Սթոքհոլմի մէջ։

Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ այս շրջանին Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ երթեւեկը աստիճանաբար կ՚աշխուժանայ։ Անցեալ սեպտեմբերին երկու արտաքին գործոց նախարարները Նիւ Եորքի մէջ տեսակցած էին՝ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներու ծիրէն ներս։ Շուրջ ամիս մը վերջ, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի յոբելենական համաժողովի օրերուն անոնք այս անգամ Փարիզի մէջ տեսակցած էին՝ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի միջնորդութեամբ։ Նախարարներու այս երկու հանդիպումներն ալ տեղի ունեցած էին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան հովանաւորութեան ներքեւ։ Սթոքհոլմի այս օրուան ժամադրութիւնով ալ այս շղթային վրայ կ՚աւելնայ նոր օղակ մը, նոյն ձեւաչափով։

Մինչ այդ, ինչպէս ծանօթ է, տակաւին քանի մը օր առաջ, շաբաթավերջին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած էր՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի գագաթաժողովը։ Արդէն յայտնի է, որ յառաջիկայ 15 դեկտեմբերին ալ Փաշինեան եւ Ալիեւ դարձեալ պիտի տեսակցին այս անգամ Պրիւքսելի մէջ, ուր պիտի մասնակցին Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրի մասնակից երկիրներու գագաթաժողովին։ Այս նոր ժամադրութեան միջնորդն է ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել։ Դեկտեմբերի 15-ի ժամադրութեան ընդառաջ, վերջին օրերուն Եւրոմիութեան Հարաւային Կովկասի գծով յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար այցելեց Երեւան եւ Պաքու՝ հանդիպումներ ունենալով Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով գնահատեց ԵԱՀԿ-ի դերակատարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացէն ներս։ Այս առթիւ նշուեցաւ, որ Մոսկուա օգտակար կը համարէ ԵԱՀԿ-ի դերը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին մէջ։ «Մենք կը կարծենք, թէ որեւէ հակամարտութեան կարգաւորումը պէտք է իրականացուի քաղաքական եւ դիւանագիտական խաղաղ ճանապարհով, սահմանուած ձեւաչափերէ ներս հակամարտ կողմերու անմիջական մասնակցութեամբ եւ շահերու հաշուի առնուելով», նշուած է ռուսական կողմի հաղորդագրութեան մէջ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2021