ՌԻԿԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ տեսակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Հայաստանեան լրատուամիջոցներու մօտ ալ արձագանգ գտած է այս իրադարձութիւնը, որու ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հարաւային Կովկասի իրավիճակին։

ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին մասնակցելու համար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Էնթընի Պլինքըն կը գտնուէին Ռիկայի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ իրենց տեսակցութիւնը։ Չավուշօղլու հանդիպումէն առաջ գոհունակութիւն յայտնեց Պլինքընի հետ վերստին տեսակցելու շարժառիթին  համար։

Կը հաղորդուի, որ երէկուան հանդիպման ընթացքին շօշափուեցան զանազան նիւթեր՝ ի շարունակութիւն Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի եւ ԱՄՆ-ի նախագահ Պայտընի մօտաւոր անցեալին Հռոմի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ քննարկուած նիւթերուն։ Պլինքընն ալ գոհունակութիւն յայտնեց Չավուշօղլուի հետ տեսակցութեան հնարաւորութեան համար։ Իր խօսքով՝ դաշնակից երկու երկիրներու օրակարգին վրայ բազմաթիւ նիւթեր կը գտնուին։

Կողմերը կարծիքի փոխանակումներ ունեցան Ուքրայնայի, Սուրիոյ, Կովկասի եւ Էթիոփիայի իրադարձութիւններուն շուրջ։ Նախարարները կանգ առին նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին վրայ։

Միւս կողմէ, Չավուշօղլու երէկ Ռիկայի մէջ տեղեկացուց, որ օրակարգի վրայ կը գտնուի նախագահ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ նոր շփումի մը հաւանականութիւնը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2021