ԻՆՆԵՐՈՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ…

«Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տինք ե­րէկ ո­գե­կո­չուե­ցաւ իր դէմ գոր­ծուած մա­հա­փոր­ձի 9-րդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ։ Օս­ման­պէ­յի մէջ, իր սպան­նուած վայ­րին վրայ ե­րէկ դար­ձեալ թո­ղուե­ցան ծա­ղիկ­ներ, վա­ռուե­ցան մո­մեր։ «Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի նախ­կին խմբագ­րա­տան առ­ջեւ ժա­մադ­րուած էին հոծ թի­ւով ցու­ցա­րար­ներ, ո­րոնք կը կրէին պաս­տառ­ներ եւ այդ պաս­տառ­նե­րուն վրայ ար­ձա­նագ­րուած էին զա­նա­զան լո­զունգ­ներ, ո­րոնք Հրանդ Տին­քի յի­շա­տա­կը վառ պա­հե­լու կար­գա­խօ­սը կը հա­մա­րուին։ Տինք ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը այս տա­րի եւս Յու­նուա­րի 19-ին շրջա­պա­տուած էին ջերմ զօ­րակ­ցու­թեան մը մթնո­լոր­տով։ «Ա­կօս»ի նախ­կին խմբագ­րա­տան պա­տու­հա­նէն դար­ձեալ հնչե­ցին ե­լոյթ­ներ, ո­րոնց մէջ ար­տա­յայ­տուած հիմ­նա­կան սպա­սու­մը, պա­հան­ջը ար­դա­րու­թիւնն էր։ Ցու­ցա­րար­նե­րը ունկնդ­րե­ցին ժո­ղովր­դա­կան ե­րաժշ­տու­թե­նէ զա­նա­զան յայտ­նի գոր­ծե­րու՝ վեր­յի­շե­լով Հրանդ Տին­քը։ Ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան անվ­տան­գու­թեան խիստ մի­ջոց­նե­րու պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ։ Տա­րե­լի­ցին առ­թիւ «Հրան­դի ըն­կեր­նե­րը»ն ալ հան­դէս ե­կան հա­կիրճ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը, ուր ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Հրանդ Տին­քի նկատ­մամբ կա­րօ­տը։ Յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ շեշ­տուե­ցաւ, որ Հրանդ Տինք հա­ւա­սար վե­րա­բեր­մունք ու­նէր ա­մէն մար­դու, բո­լոր լե­զու­նե­րու, հա­ւատք­նե­րու եւ մտած­ման նկատ­մամբ։ «Հրան­դի ըն­կեր­նե­րը» շեշ­տե­ցին, որ ի­րենց զայ­րոյ­թը կը մնայ կեն­դա­նի ու կա­տա­րուած­ներն ալ միշտ կը մնան ի­րենց մտքին մէջ։

Միւս կող­մէ, ե­րէկ օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­ներն ալ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն ար­ձա­գանգ հան­դի­սա­ցան Հրանդ Տին­քի ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն ալ շարք մը յա­ռա­ջա­տար հե­ռուս­տա­կա­յան­ներ ու­ղիղ ե­թե­րով ա­սու­լիս­ներ սփռե­ցին՝ մա­հա­փոր­ձին եւ ա­նոր յա­ջոր­դած զա­նա­զան շրջան­նե­րու ի­րադ­րու­թեան հա­մե­մատ հե­տաքն­նու­թեան ու­նե­ցած ըն­թաց­քին վրայ ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րե­լով։ Այս ամ­բող­ջին մէջ տեղ տրուե­ցաւ նաեւ Տինք ըն­տա­նի­քի փաս­տա­բան Հա­քան Պա­քըր­ճըօղ­լուի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն։ Ըստ ի­րեն, ներ­կա­յիս թէեւ մա­հա­փոր­ձին վե­րա­բե­րեալ բա­զում հար­ցա­կան­ներ կը մնան առ­կայ, սա­կայն հար­ցաքն­նու­թեան թե­ւա­կո­խած նոր հանգ­րուա­նը կը հա­մա­րուի յու­սադ­րիչ՝ պատ­րաս­տուած նոր ամ­բաս­տա­նագ­րին բե­րու­մով։

Չորեքշաբթի, Յունուար 20, 2016