ԱՆՀՐԱՊՈՅՐ ՃԱՐՊԱՔԱՆԴԱԿ

Անգլիոյ մայրաքաղաքը՝ Լոնտոնի մէջ կանգնեցուած է վիթխարի ճարպաքանդակ մը, որպէսզի քաղաքացիները հարկադրուին մտածել իրենց աւելորդ կշիռքի մասին։ Վիթխարի ճարպաքանդակը պատրաստուած է իսկական կենդանական ճարպով։ Անոր բարձրութիւնը հաւասար է երկյարկանի հանրաշարժի մը, իսկ լայնութիւնը կը կազմէ 3 մեթր։ Ստեղծողներու մտայղացմամբ՝ վիթխարի անհրապոյր քանդակը քաղաքի բնակիչները կը դրդէ մտածելու իրենց սննդային սովորութիւններու եւ տօնական օրերու շրջանին չափէն աւելի ուտելու մասին։

Շաբաթ, Յունուար 20, 2018