ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆ ՉՈՒՆԻ
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով երէկ Վիեննայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիթի հետ։ Ան այս ուղեւորութեան ձեռնարկած է՝ մասնակցելու համար ԵԱՀԿ-ի ֆորումին։
Պաքուի աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկ Հելկա Շմիթի հետ տեսակցութեան ընթացքին Ճէյհուն Պայրամով յայտնեց, որ Ատրպէյճան կ՚աջակցի Հայաստանի հետ սահմանազատման գործընթացի սկիզբին՝ առանց որեւէ նախապայմանի։
Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ այսօր արձագանգեց Պայրամովի յայտարարութիւններուն։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան այս կապակցութեամբ պատասխանեց «Արմէնփրէս» գործակալութեան հարցման։ «Սահմանազատման հարցին մէջ հայկական կողմը նախապայման մը չունի», ըսած է ան։
Պայրամով Վիեննայի մէջ յայտարարած է, որ Պաքուի համար անընդունելի են Երեւանի նախապայմանները սահմանազատումի սկսելու շուրջ։ Այս կապակցութեամբ Վահան Յունանեան յայտնեց, որ հայկական կողմը սահմանազատման հարցին շուրջ նախապայման մը չունի, խօսքը կը վերաբերի պայմանաւորուածութիւններու։ Իր կարծիքով, խնդրոյ առարկայ է թիւրիմացութիւն մը։ «Խօսքը պայմանաւորուածութիւններու մասին է», ըսած է ան՝ յիշեցնելով անցեալ նոյեմբերի 26-ին, Սոչիի մէջ, Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ ընդունուած եռակողմանի յայտարարութիւնը, ուր նշուած է, որ կողմերը պայմանաւորուած են քայլերու ձեռնարկել սահմանի անվտանգութեան եւ կայունութեան մակարդակը բարձրացնելու ուղղութեամբ եւ գործը տանիլ դէպի սահմանազատման ու սահմանագծման երկկողմանի յանձնաժողովի ստեղծում։ «Այս պայմանաւորուածութիւնը վերահաստատուած եւ զօրքերը ետ քաշելու գործընթացի մը սկսելու մասին համաձայնութիւն ձեռք բերուած է անցեալ դեկտեմբերի 14-ին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի հանդիպման ընթացքին։ Ըստ այդմ, հայկական կողմի առաջարկները նախապայմաններ չեն, այլ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելու կը վերաբերին։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը կարծէ, թէ օր առաջ պէտք է սկսիլ սահմանազատման գործընթացը՝ ըստ վերոյիշեալ պայմանաւորուածութիւններուն», եզրակացուց բանբերը։