ՅԵՏԱՁԳՈՒՄ

Անթիլիասի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ Լիբանանէ ներս քորոնաժահրի համավարակի թափի սաստկացման հետեւանքով յետաձգուած է՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած «Արցախը հայոց պետականութեան ոլորտին մէջ» նիւթով գիտաժողովը, որ նախատեսուած էր յառաջիկայ ամիս։ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ որոշուած է այս ծրագիրը կեանքի կոչել յառաջիկային՝ աւելի նպաստաւոր պայմաններու ներքեւ։

Հինգշաբթի, Յունուար 20, 2022