ՓՈՒԹԻՆ-ՌԱԻՍԻ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսին։ Քրեմլինի պալատին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Փութին նշեց, որ Ռուսաստան եւ Իրան շատ սերտօրէն կը համագործակցին միջազգային գետնի վրայ։

Բանակցութիւններու ընդառաջ երկու ղեկավարները հանդէս եկան հրապարակային ելոյթներով։ Փութին այս առթիւ նշեց, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները կարողացած են երկրէն ներս յաղթահարել ահաբեկչական սպառնալիքները՝ շնորհիւ Մոսկուայի եւ Թեհրանի օգնութեան։ Փութին բանակցութիւններուն ընդառաջ իր պաշտօնակցին առաջարկեց նաեւ քննարկման առարկայ դարձնել Աֆղանիստանի վիճակը։

Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Փութինի հետ բանակցութիւններ վարելէ վերջ, Ռաիսի Քրեմլինի պալատէն ներս կատարեց իր նամազը։ Ան այսօր ալ ելոյթով մը հանդէս կու գայ Ռուսաստանի խորհրդարանին՝ Պետական տումայի մէջ։

Հինգշաբթի, Յունուար 20, 2022