ԳԱԳԱԹԻ ՎՐԱՅ ԶՐՈՅՑ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի հետ։ 1 ժամ 20 վայր­կեան տե­ւեց այս հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցը, ո­րու ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան կը գտնուէր Թա­րա­պիոյ «Հու­պէր» նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քին մէջ։ Վեր­ջին օ­րե­րու հրա­տապ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ շատ կա­րե­ւոր հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ե­ղաւ այս մէ­կը։ Թէ՛ Թուր­քիոյ մէջ ապ­րուած ա­հա­բեկ­չա­կան դէպ­քե­րը եւ թէ Սու­րիոյ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ Ան­գա­րա­յի եւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մի­ջեւ առ­կայ տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը ար­տա­սո­վոր նշա­նա­կու­թիւն մը վե­րագ­րե­ցին այս հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցին։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Էր­տո­ղան եւ Օ­պա­մա քննար­կե­ցին Թուր­քիա-ԱՄՆ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ներ­կայ վի­ճակն ու հե­ռան­կար­նե­րը՝ Սու­րիոյ վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րուն եւ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի խնդիր­նե­րուն շուրջ։

Հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին Պա­րաք Օ­պա­մա պա­խա­րա­կեց Փետ­րուա­րի 17-ին Ան­գա­րա­յի մէջ եւ Փետ­րուա­րի 18-ին Տիար­պա­քըր-Պիւն­կէօլ ցա­մա­քու­ղիին վրայ պա­տա­հած յար­ձա­կում­նե­րը։ Ան ցա­ւակ­ցու­թիւն յայտ­նեց զո­հե­րուն հա­մար եւ ա­րագ ա­պա­քի­նում մաղ­թեց՝ վի­րա­ւո­րեալ­նե­րուն։ Էր­տո­ղան այս յար­ձա­կում­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Օ­պա­մա­յին ու մատ­նան­շեց ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի գծով դաշ­նա­կից­նե­րու զօ­րակ­ցու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։

Պա­րաք Օ­պա­մա մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նեց Սու­րիոյ վար­չա­խում­բին եւ ԵՓԿ-ի կող­մէ վեր­ջին շրջա­նին ար­ձա­նագ­րուած յա­ռաջ­խա­ղաց­ման շուրջ՝ Սու­րիոյ հիւ­սիս-ա­րեւ­մուտ­քին։ Օ­պա­մա կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի ժամ ա­ռաջ կա­սե­ցուին այն բո­լոր ա­րարք­նե­րը, ո­րոնք տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս լա­րուա­ծու­թեան պատ­ճառ կը հան­դի­սա­նան Թուր­քիոյ եւ Սու­րիոյ չա­փա­ւոր ընդ­դի­մու­թեան։ Ար­դա­րեւ, այդ ա­րարք­նե­րը վնաս կը հասց­նեն «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման հետ հա­սա­րա­կաց պայ­քա­րին։

Հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին Պա­րաք Օ­պա­մա ընդգ­ծեց, թէ ըլ­լա­լով ՆԱ­ԹՕ-ի դաշ­նա­կից մը՝ ԱՄՆ վճռա­կամ է Թուր­քիոյ ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան նե­ցուկ կանգ­նե­լու ուղղ­ու­թեամբ։ Ան ընդգ­ծած է նաեւ Թուր­քիոյ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը։

Էր­տո­ղան եւ Օ­պա­մա ընդգ­ծե­ցին նաեւ ի­րենց ա­ջակ­ցու­թիւ­նը՝ Սու­րիա­յէ ներս բա­խում­նե­րու կա­սեց­ման ուղ­ղեալ Միւ­նի­խի մէջ գո­յա­ցած հա­մա­ձայ­նու­թեան ի նպաստ։ Եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը կոչ ուղ­ղե­ցին նաեւ Ռու­սաս­տա­նին եւ Պե­շար Է­սա­տի վար­չա­խում­բին՝ որ­պէս­զի ա­նոնք ժամ ա­ռաջ դադ­րեց­նեն այն օ­դա­յին յար­ձա­կում­նե­րու նման խա­փա­նա­րա­րա­կան ա­րարք­նե­րը, ո­րոնք կ՚ուղ­ղուին չա­փա­ւոր ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րուն դէմ։

Էր­տո­ղան եւ Օ­պա­մա նշած են, որ նե­րա­ռեալ ՓՔՔ-ն՝ ա­հա­բեկ­չա­կան բո­լոր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն դէմ զարկ պի­տի տան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, իսկ Ի­ՇԻՊ-ի դէմ պայ­քարն ալ ի­րենց հա­սա­րա­կաց նպա­տակն է։ 

Շաբաթ, Փետրուար 20, 2016