ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները այսօր Երեւանի մէջ են։ Այսպէս, միջնորդները հանդիպումներ կ՚ունենան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ եռանախագահները Երեւանի հանդիպումները աւարտելէ վերջ պիտի ուղուին դէպի Պաքու։

Մինչ այդ, ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Սլովաքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաք յառաջիկայ ամիս պիտի այցելէ Երեւան եւ Պաքու։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այցելութեան ընթացքին ան կը ծրագրէ քննարկել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ հարցեր։ Մարտի առաջին կէսին տեղի պիտի ունենայ Լայչաքի ուղեւորութիւնը։ Ան ընդգծեց, որ Սլովաքիա ամբողջութեամբ կ՚աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդական ջանքերուն։ Լայչաքի խօսքով, Հայաստանի մէջ նոր իրավիճակ մը ստեղծուած է վերջին ընտրութիւններով։ Գոյութիւն ունի ուժեղ կառավարութիւն մը, որու հետ կապուած են կարգ մը ակնկալութիւններ։ «Մեր նպատակն է աջակցիլ Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ օգտագործելու համար այդ նոր իրավիճակը», ըսաւ Լայչաք։

«Ինթերֆաքս»ի հաղորդումներով, Լայչաք այս այցելութեան մասին խօսեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։ Նոյն առթիւ ռուս նախարարն ալ ընդգծեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրները՝ Ռուսաստան, Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ սերտօրէն կը համագործակցին ԵԱՀԿ-ի հետ։ «Անոնք արդէն հանդիպած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ, արտաքին գործոց նախարարներուն հետ, կը նախապատրաստուին նոր շփումներ։ Հաշուի առնելով, որ Հայաստանի կառավարութիւնը բոլորովին վերջերս ձեւաւորուած է, ի հարկէ, որոշ ժամանակ կը պահանջուի, որպէսզի պարզ ըլլայ, թէ որքան խտացեալ եւ խոր կարելի պիտի ըլլայ այս փուլին զարգացնել կարգաւորման գործընթացը», ըսաւ Սերկէյ Լաւրով։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 20, 2019