ՓՈՒԹԻՆ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ ՆԵԹԱՆԻՅԱՀՈՒՆ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին վաղը Մոսկուայի մէջ պիտի հիւրընկալէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն։ Քրեմլինի պալատի երդիքին տակ երկու ղեկավարները պիտի անդրադառնան Սուրիոյ տագնապին եւ Մերձաւոր Արեւելքի իրադրութեան։

Փութին եւ Նեթանիյահու կը շօշափեն նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքը, ինչպէս նաեւ Պաղեստին-Իսրայէլ յարաբերութիւններու կարգաւորման խնդիրները։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 20, 2019