«ԱԶԳ» ՄԵԾ ԳՐԱԴԱՐԱՆԸ

Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ յատկանշական հանդիսութիւն մը։ Այսպէս, Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս նախատեսուած է «Միլլէթ» գրադարանի պաշտօնական բացումը։ Սա Թուրքիոյ մեծագոյն գրադարանն է եւ ծառայութիւն պիտի մատուցէ շուրջօրեայ դրութեամբ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի մասնակցութեամբ տեղի կ՚ունենայ բացման արարողութիւնը։

2016 թուականին սկսած էին այս գրադարանի շինարարական աշխատանքները։ 125 հազար քառակուսի մեթր տարածութեամբ այս գրադարանը ի վիճակի է ծառայութիւն մատուցելու նոյնաժամանակ 5 հազար հոգիի։ Հաւաքածոն կ՚ընդգրկէ 4 հազար տպագիր եւ աւելի քան 120 միլիոն ելեկտրոնային հրատարակութիւն։ Բաց աստի, 550 հազար ե-գիրք եւ ընտիր գործեր մաս կը կազմեն հաւաքածոյին։

Այսօրուան բացման արարողութեան հրաւիրուած են նաեւ թրքահայ համայնքային շրջանակներէ դէմքեր։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան պիտի չկարողանայ  արարողութեանց մասնակցիլ, Ս. Վարդանանց տօնակատարութիւններուն բերումով։ Պատրիարքական Աթոռը պատրաստակամութիւն յայտնած է այս գրադարանին հետ համագործակցելու եւ անոր իր ներդրումը բերելու ուղղութեամբ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 20, 2020