ՃԱՆԱՉՈՂԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ
Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան ծիրէն ներս այս օրերուն Վատիկան կ՚այցելեն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիէն վեց հոգեւորականներ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Վատիկան ուղարկուած այդ հոգեւորականները կը մասնակցին միշաբաթեայ աշխատանքային ծրագրի մը, որ աւարտին պիտի հասնի այս շաբաթավերջին։ Ծրագրին մասնակից հայ հոգեւորականները երէկ ընդունուեցան Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանի դեսպան Կարէն Նազարեանի կողմէ։ Ներկայ էր նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պաշտօնական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Դեսպանատան երդիքին տակ կազմակերպուած հանդիպումը տեւեց շուրջ ժամ մը եւ անցաւ շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Դեսպան Կարէն Նազարեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ս. Աթոռի միջեւ պետական հարթութեան վրայ հաստատուած յարաբերութիւններու ընթացքը։ Այցելու եկեղեցականներուն անունով արտայայտուեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան, որ կը գլխաւորէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատուիրակութիւնը։
Հայ Եկեղեցիէն երիտասարդ վեց հոգեւորականներու մասնակցած այս միշաբաթեայ ծրագիրը կազմակերպուած է Վատիկանի Քրիստոնէից միութեան գրասենեակին կողմէ։ Սա ճանաչողական ծրագիր մըն է, որու գաղափարը անցեալ տարի Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ներկայացուցած էր Կարտինալ Քուրթ Քոխին, որ կը գլխաւորէ այդ քահանայապետական գրասենեակը։
Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիէն ընդհանուր առմամբ 18 երիտասարդ հոգեւորականներ կը հիւրընկալուին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ՝ մասնաւորապէս այցելելով հոգեւոր ուսումնա-կրթական կեդրոններ։
Յառաջիկայ տարի նման խումբ մը պիտի հիւրընկալուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ։