ԷՐՏՈՂԱՆ ՄԻՇՏ ՎՃՌԱԿԱՆ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ խօսեցաւ Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ երկրի սահմաններէն դուրս ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարին մասին։ Մինչ Աֆրինի ԵՓԿ-է մաքրագործման արձագանգները կը շարունակուին, Էրտողան երէկ ընդգծեց, որ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններուն դրուած է ստորակէտ մը։ Ըստ իրեն, հիմա կարգը հասած է Մենպիչ քաղաքին։

«Այս գործընթացը պիտի շարունակուի մինչեւ որ ահաբեկչական նրբանցքը ամբողջութեամբ վերանայ։ Հիւսիսային Իրաքի ահաբեկչական ճամբարներն ալ պիտի առնենք մեր հակակշռին տակ։ Կեդրոնի ղեկավարութեան ըսած ենք։ Այժմ երկրորդ Քանտիլ մը կը հաստատուի։ Թէ ո՞ւր է այդ մէկը. Սինճարն է։ Եթէ պիտի կարգադրէք՝ դուք կարգադրեցէք։ Այլապէս մենք անմիջապէս գիշեր մը մուտք կը գործենք նաեւ Սինճար ու կը մաքրագործենք այդտեղի ՓՔՔ-ականները», ըսաւ Էրտողան։

Միւս կողմէ, Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հակազդեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց եւ Պաշտպանութեան նախարարութիւններուն կողմէ կատարուած վերջին յայտարարութիւններուն։ Թէ՛ Փենթակոն եւ թէ ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութիւնը Աֆրինի իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ յայտնած էին մտահոգութիւններ։ Ի պատասխան՝ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ ամերիկեան մարմինները դժբախտաբար տակաւին չեն կրցած հասկնալ կամ չեն ուզեր հասկնալ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններու պատճառները, նպատակը եւ ընդհանուր բնոյթը։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 20, 2018