ՃՈՆ ՊՈԼԹԸՆ ՄԵԾ ՀԱՐՑ ՄԸ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ Ս-400 ՀՐԹԻՌՆԵՐԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Ճոն Պոլթըն յայտարարեց, որ Թուրքիոյ կողմէ ներածուած ռուսական Ս-400 հրթիռները մեծ խնդիր մը կը համարուին իր երկրին տեսակէտէ։

Ճոն Պոլթըն նախընթաց օր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ պահպանողական հակումով ռատիօկայանէ մը։ Այս առթիւ իրեն հարց տրուեցաւ, որ Թուրքիա ԱՄՆ-ի բարեկա՞մն է, թէ ոչ թշնամին։ Ի պատասխան Պոլթըն նախ յիշեցուց, որ Թուրքիա ՆԱԹՕ-ի դաշնակից մըն է։ Ապա ան աւելցուց, որ Թուրքիա-ԱՄՆ յարաբերութիւններուն մէջ առկայ են կարեւոր խնդիրներ։ Որպէս օրինակ ան թուարկեց Ս-400 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու Թուրքիոյ կողմէ ձեռքբերուիլը, Սուրիոյ տարաձայնութիւնները եւ ԱՄՆ-ի Իսրայէլի բարեկամներուն հետ Թուրքիոյ վատ յարաբերութիւնները։

Ռուսական «Սփութնիք» կայքէջի հաղորդումներով, Ճոն Պոլթըն ըսաւ. «Կը մտածեմ, որ նախագահ Թրամփ կը ձգտի Թուրքիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններու մէջ ըլլալ։ Թրամփ կը փափաքի, որ Թուրքիոյ հետ առեւտուրը զարգանայ, սակայն Սուրիոյ եւ տարածքաշրջանի միւս իրադարձութիւններու պարագային մենք ունինք Թուրքիոյ օգնութեան կարիքը»։

Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը կը յայտնէ, որ Ս-400 հրթիռներու Թուրքիոյ մէջ տեղակայման պարագային իր տեսակէտէ անվտանգութեան հաւանական վտանգներ պիտի յառաջանան եւ այս հանգամանքը պատճառ կրնայ դառնալ, որ Թուրքիոյ չյանձնուին ամերիկեան Ֆ-35 ռազմաօդանաւերը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2019