ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Տ. ՏԻՐԱՅՐ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ նախընթաց օր երեկոյեան ժամերուն Անթիլիասի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրեալ սպասաւորներէն մին՝ Տ. Տիրայր Արք. Փանոսեան։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսն ու Կիլիկեան Աթոռի միաբանութիւնը երէկ պաշտօնապէս սրտի դառն կսկիծով գուժեցին վախճանումը՝ Կիլիկեան Աթոռի միաբանութեան երէց անդամներէն Տ. Տիրայր Արք. Փանոսեանի, որ ծնած էր 1937 թուականին։ Կաթողիկոսարանի դիւանը հաղորդեց, որ հոգելոյս սրբազան հօր վերջին օծման ու թաղման կարգը կը կատարուի այսօր՝ Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ եւ աւելի վերջ սրբազան հօր մարմինը կ՚ամփոփուի միաբանական դամբարանէն ներս։

Ուրբաթ, Մարտ 20, 2020