ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարարներու հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ տարածքաշրջանի ներկայ իրավիճակը։ Տեսակցութեան մասնակցեցաւ նաեւ ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան։ Տոլմապահչէի աշխատանքային գրասենեակէն ներս տեղի ունեցաւ Չավուշօղլու-Զարիֆ զրոյցը, որու տեւողութեան օրակարգի վրայ եկան նաեւ տարածքաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով զանազան խնդիրներ։ Թեհրանի պաշտօնական աղբիւրները սահմանափակ տեղեկութիւններ հաղորդեցին երէկուան տեսակցութեան շուրջ՝ ընդգծելով, որ շօշափուած են երկկողմանի յարաբերութիւնները, միջազգային օրակարգին վերաբերեալ հարցեր, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապը։ Ինչպէս ծանօթ է, այս հիմնախնդրին կապակցութեամբ Անգարա եւ Թեհրան կ՚աջակցին հակառակ ճամբարներու մէջ գտնուող կողմերուն, սակայն Աստանայի ձեւաչափին բերումով նաեւ սերտ համագործակցութեան մէջ են։ Անցեալ շաբաթ Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Քաթար յայտարարած էին, որ Սուրիոյ հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ նոր բանակցային գործընթաց մը կը նախաձեռնեն։ Այդ երեք երկիրները մտադրութիւն յայտնած էին նպաստել Սուրիայէ ներս քաղաքական գործընթացներու յառաջ մղուիլը՝ ՄԱԿ-ի հետ համագործակցութեամբ։ Ճեւատ Զարիֆի Թուրքիա այցելութիւնը արդէն կը յաջորդէ այդ եռակողմանի ձեւաչափով նոր որոնումին։

Ըստ տեղական մամուլին մօտ լոյս տեսած մանրամասնութիւններուն, երէկուան հանդիպման ընթացքին կողմերը կանգ առին Իրանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու առկայ լարուածութեան վրայ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ, որ Թուրքիա ինչեր կրնայ ընել՝ Իրանի եւ ԱՄՆ-ի վերստին հիւլէական համաձայնութեան վերադարձը ապահովելու ճանապարհին։ ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարը եւ Աֆղանիստանի իրադարձութիւններն ալ երէկուան տեսակցութեան ընթացքին շօշափուած նիւթերու շարքին էին։

Ըստ թրքական աղբիւրներու հաղորդումներուն, կարճ ժամանակ առաջ Սուրիոյ տագնապին առընչութեամբ Թուրքիա-Ռուսաստան-Քաթար եռակողմանի ձեւաչափով հասարակաց դիրքորոշման մը արտայայտումը պատճառ դարձած էր զանազան մեկնաբանութիւններու, ըստ որոնց այս հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացէն ներս Թուրքիա եւ Ռուսաստան կը վանեն Իրանը։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին շեշ-տըւեցաւ, որ խնդրոյ առարկայ չէ Թեհրանի՝ Սուրիոյ վերաբերեալ գործընթացէն վանումը։ Մեւլիւտ Չավուշօղլու համապատասխան պատգամները յանձնեց Ճեւատ Զարիֆի նկատառման։ Բաց աստի, երկու նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին՝ Սուրիոյ մէջ վարչախումբի եւ ընդդիմադիրներու միջեւ ընդհատուած բանակցութիւններու վերակենդանացման ուղղութեամբ։ Ըստ Չավուշօղլուի, թրքական կողմը համոզուած է, թէ ԱՄՆ՝ Ճօ Պայտընի ղեկավարութեամբ պէտք է վերադառնայ Իրանի հետ կնքուած միջազգային հիւլէական գործարքին։ Թրքական կողմի այս մօտեցումը հերթական անգամ Ճեւատ Զարիֆի նկատառման յանձնուեցաւ։ Մեւլիւտ Չավուշօղլու մօտաւոր անցեալին քանիցս յոյս յայտնած էր, որ ԱՄՆ կը վերադառնայ այդ համաձայնութեան եւ համագործակցութիւնը վերստին կը վերահաստատուի։

Միւս կողմէ, Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։

Շաբաթ, Մարտ 20, 2021