ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԽՄԲԱՔԱՆԱԿ

«Ազնաւուր» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ հաւաքագրուած մարդասիրական օժանդակութեան հերթական խմբաքանակը նախընթաց օր հասաւ Հայաստան։ Հիմնարկի Երեւանի գրասենեակին կողմէ այս առթիւ հրապարակուեցաւ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, ըստ որու նոր խմբաքանակով Հայաստան հասած է 105 թոն օգնութիւն։ Արցախի երկրորդ պատերազմին հետեւանքով տուժած ժողովուրդին կը յատկացուին այս բոլոր օժանդակութիւնները։

Այս նոր խմբաքանակը եւս Հայաստան ուղարկուած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան «Ճգնաժամային աջակցութեան կեդրոն»ի զօրակցութեամբ՝ նախ ծովային ճանապարհով, այնուհետեւ ցամաքէն։ Մարդասիրական բեռնի մաքսազերծումը տեղւոյն վրայ իրականացուած է «Ազնաւուր» հիմնարկին կողմէ Հայաստանի օրէնսդրութեան համապատասխան։ Օգնութեան այս խմբաքանակը կ՚ընդգրկէ բժշկական պարագաներ, մասնաւորապէս՝ մասնաւոր բժշկական մահճակալներ, ինչպէս նաեւ հագուստ եւ հիժիէնիք իրեղէններ։

Ընդհանուր առմամբ, իր մարդասիրական օժանդակութեան շրջանակներէն ներս «Ազնաւուր» հիմնադրամի եւ այս վերջնոյն շուրջ համախմբուած գործընկեր կազմակերպութիւններու միջոցաւ՝ Ֆրանսայի եւ Զուիցերիոյ մէջ հաստատուած 19 ընդունման կէտերու վրայ հաւաքագրուած է աւելի քան 175 թոն մարդասիրական օգնութիւն։ Այս աննախընթաց շարժումը հնարաւոր դարձած է աւելի քան 50 կազմակերպութիւններու եւ 100 նուիրատուներու միասնութեան, համերաշխութեան եւ քրտնաջան աշխատանքին շնորհիւ։ Հաւաքագրուած այս բեռնի առաջին խմբաքանակը 70 թոն, Հայաստան ուղարկուած էր անցեալ նոյեմբեր-յունուար ամիսներուն, յատուկ թռիչքներով։ «Ազնաւուր» հիմնարկը կը համակարգէ այդ բեռնի սկզբնական պահեստաւորումը եւ ապագայ բաշխումը Հայաստանի մէջ։

Պատերազմի սկիզբէն ի վեր «Ազնաւուր» հիմնարկը կեդրոնացուցած է իր բոլոր միջոցներն ու կարողութիւնները՝ հազարաւոր ընտանիքներու համար նպատակային օգնութիւն ցուցաբերելու առաջադրութեամբ։ Հիմնարկը արդէն յաջողած է Արցախի եւ Հայաստանի՝ պատերազմէ տուժած բնակչութեան տրամադրել առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ. ինչպէս՝ սնունդ, հագուստ, հիժիէնիք միջոցներ։ Մեծ կարեւորութիւն ցուցաբերուած է նաեւ առողջապահութեան համակարգին համար թիրախային աջակցութիւն տրամադրուելուն։ Այս ծիրէն ներս 35 հիւանդանոց ստացած է բժշկական սարքաւորումներ եւ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ։

Շաբաթ, Մարտ 20, 2021