ԶԵՆԻԹԻ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Չաղ­լա­յա­նի Ար­դա­րա­դա­տու­թեան պա­լա­տին մէջ, Իս­թան­պու­լի 14-րդ պատ­ժա­կան ա­տեա­նին մօտ ե­րէկ շա­րու­նա­կուե­ցաւ «Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քի դէմ գոր­ծուած մա­հա­փոր­ձին դա­տա­վա­րու­թիւ­նը։ Այս հանգ­րուա­նը ե­զա­կի էր այն ա­ռու­մով, որ այս գոր­ծով ըն­թացք ա­ռած եր­կու դա­տա­վա­րու­թիւն­նե­րու միաց­ման յա­ջոր­դած ա­ռա­ջին դա­տա­կան նիստն էր։ «Հրան­դի ըն­կեր­նե­րը» խմբա­կը այս դա­տա­վա­րու­թեան առ­թիւ հեր­թա­կան ան­գամ ցոյց մը կա­տա­րեց Չաղ­լա­յա­նի Ար­դա­րա­դա­տու­թեան պա­լա­տին առ­ջեւ։ Ցու­ցա­րար­նե­րը շեշ­տե­ցին, թէ կը պա­հան­ջեն ար­դա­րու­թիւն եւ այս մա­հա­փոր­ձին բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը պէտք է ըլ­լան հա­շուե­տու։

Ե­րէ­կուան դա­տա­վա­րու­թեան մե­ղադ­րեալ­նե­րու շար­քին էին նաեւ հան­րա­յին պաշ­տօ­նեա­նե­րը, ո­րոնց շար­քին կը գտնուին շատ ծա­նօթ դէմ­քեր. օ­րի­նակ՝ շրջա­նի Իս­թան­պու­լի անվ­տան­գու­թեան տնօ­րէն Ճե­լա­լետ­տին Ճեր­րահ։ Զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րը դա­տա­վա­րու­թեան այս փու­լին նկատ­մամբ եւս ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րած են։ Մա­հա­փոր­ձէն ինն տա­րի վերջ, ե­րէկ դա­տա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին զգա­յա­ցունց եւ յստակ ցուց­մուն­քով մը հան­դէս ե­կաւ ոս­տի­կան Մու­հիտ­տին Զե­նիթ, որ այդ շրջա­նին Թրապ­զո­նի մէջ կը պաշ­տօ­նա­վա­րէր ոս­տի­կա­նու­թեան լրա­քա­ղու­թեան բա­ժան­մուն­քին մօտ։ Մու­հիտ­տին Զե­նիթ շեշ­տեց, որ ինք իր պատ­րաս­տած տե­ղե­կա­գիր­նե­րուն մի­ջո­ցաւ հա­ղոր­դած է պե­տու­թեան ար­խիւ­նե­րուն, թէ Հրանդ Տինք Եա­սին Հա­յա­լի կող­մէ պի­տի սպան­նուի ի գին ա­մէն բա­նի։ «Հրանդ Տինք այս երկ­րին մէջ շատ մը ան­ձե­րէ ա­ւե­լի ար­ժա­նա­պա­տիւ եւ ազ­նիւ էր։ Ա­նա­հա­տա­պէս չեմ ը­սեր, սա­կայն որ­պէս պե­տու­թիւն աչք փա­կած ենք ան­ձի մը մա­հուան։ Ես փոր­ձած եմ Հրանդ Տին­քը պաշտ­պա­նել, գրած եմ, թէ ան պի­տի սպան­նուի՝ եւ այս պատ­ճա­ռով տասն­հինգ ա­մի­սէ ի վեր կա­լա­նա­ւո­րուած եմ», ը­սաւ Մու­հիտ­տին Զե­նիթ դա­տա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին։

Ե­րէ­կուան դա­տա­կան նիս­տի ար­դիւն­քին դա­տա­կազ­մը ո­րո­շեց ա­զատ ար­ձա­կել ոս­տի­կան Մու­հիտ­տին Զե­նի­թը եւ ոս­տի­կա­նա­պետ Էօզ­քան Մում­ճուն։ Այլ մե­ղադ­րեալ­նե­րու ա­զատ ար­ձակ­ման պա­հանջ­նե­րը մեր­ժուե­ցան։

Դա­տա­վա­րու­թեան յա­ջորդ նիս­տը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Մա­յի­սի վեր­ջա­ւո­րու­թեան։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2016