ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց ամերիկահայ յայնին գրող Փիթըր Պալաքեանին, որ արժանացաւ Փուլիցէրեան մրցանակին։ Սարգսեանի շնորհաւորականին մէջ ընդգծուած է, թէ համայն հայութեան համար սա նշանակալի իրադարձութիւն մըն է։ Արդարեւ, ամերիկահայ հանճարեղ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանէն վերջ Փիթըր Պալաքեան եղած է տաղանդաւոր երկրորդ հայորդին, որ իր բարձրարժէք ստեղծագործութեամբ գրաւած է գրական հեղինակաւոր այս բարձունքը։
Ծանօթ է, որ Փիթըր Պալաքեան Փուլիցէրի մրցանակին արժանացած է բանաստեղծութիւններու ժողովածոյով մը, որու մէջ կ՚արծարծուի 1915-ը։ Սերժ Սարգսեանի համոզմամբ, բանաստեղծութիւններու այդ ժողովածոն դարձած է Փիթըր Պալաքեանի գրական ժառանգութեան տրամաբանական շարունակութիւնը։
«Մրցանակը աշխարհին անգամ մը եւս կը յիշեցնէ վերածնեալ ամբողջ ժողովուրդի մը մասին, որ կ՚ապրի եւ կը հաստատէ մնայուն արժէքներ արարող իր էութիւնը այս մեծ աշխարհին մէջ», նշուած է Սերժ Սարգսեանի շնորհաւորականին մէջ։