ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ, ԻՍԿ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՀՐԷԻՑ ՐԱԲՈՒՆԱՊԵՏՆ ՈՒ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ շա­րու­նա­կեց Ս. Զատ­կի տօ­նին առ­թիւ շնոր­հա­ւո­րա­կան­ներ ըն­դու­նիլ Գում­գա­բուի մէջ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը այս ծի­րէն ներս Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Հրէից րա­բու­նա­պետ Ռաւ Իս­հաք Հա­լե­ւան, ո­րուն կ՚ըն­կե­րա­նար խա­խա­մա­պե­տա­րա­նի դի­ւա­նա­պետ Եու­սուֆ Ալ­թըն­թաշ։ Շուրջ կէս ժա­մուան սի­րա­լիր տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին րա­բու­նա­պե­տը Նո­րին Սրբազ­նու­թեան ան­ձին մէջ շնոր­հա­ւո­րեց մեր հա­մայն­քի Սուրբ Յա­րու­թեան տօ­նը։

Նոյն­պէս ե­րէկ, օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան հա­մայն­քա­յին զա­նա­զան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու տիկ­նանց կազ­մե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը Ս. Զատ­կի առ­թիւ այ­ցե­լե­ցին Պատ­րիար­քա­րան։ Տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ըն­դու­նուե­ցան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դին կող­մէ, ո­րու կող­քին էին Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան եւ Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեան։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ող­ջու­նեց տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն այս ա­ւան­դա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը։ Ան մատ­նան­շեց կա­նանց կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը մաղ­թեց, որ ըն­թա­ցիկ հա­ւա­քոյթ­նե­րով ու նոր ծրագ­րե­րով ի­գա­կան սե­ռի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­բեր դարձ­նեն ի­րենց գոր­ծու­նէու­թեան դաշ­տը։ Տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար։ Յա­ջոր­դած զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ տե­ղի ու­նե­ցան հա­մայն­քա­յին կեան­քի, ե­կե­ղե­ցա­կան եւ մշա­կու­թա­յին զա­նա­զան հար­ցե­րու շուրջ։

Ըն­դու­նե­լու­թեան ա­ւար­տին եր­գուե­ցած Ս. Զատ­կի «Գո­վեա Ե­րու­սա­ղէմ» շա­րա­կա­նը, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան տի­կին­նե­րուն փո­խան­ցեց իր օրհ­նու­թիւն­նե­րը եւ ա­նոնց բաժ­նեց զատ­կուան հաւ­կիթ­ներ։

Միւս կող­մէ, ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ ա­ռա­ւօտ Ս. Զատ­կի շնոր­հա­ւո­րու­թեան փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թեան մը փու­թաց Ֆէ­նէ­րի Յու­նաց Պատ­րիար­քա­րա­նը, իր հետն ու­նե­նա­լով Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեա­նը։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ուղ­ղա­փա­ռաց Տ.Տ. Պար­թո­լո­մէոս Ա. Ծայ­րա­գոյն Պատ­րիար­քին կող­մէ։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց այս այ­ցե­լու­թեան հա­մար ու մաղ­թեց, որ Աս­տուած գալ տա­րի եւս ար­ժա­նի ը­նէ ու­րա­խու­թեամբ ող­ջու­նել Յի­սուս Քրիս­տո­սի հրա­շա­փառ Ս. Յա­րու­թեան տա­ղա­ւա­րը։

Հարկ է նշել, որ Ս. Զատ­կի Ճրա­գա­լոյ­ցին առ­թիւ, Ֆէ­նէ­րի Յու­նաց Պատ­րիար­քա­րա­նէն ներս, Պար­թո­լո­մէոս Ա. Պատ­րիար­քի նա­խա­գա­հու­թեամբ, Ս. Գէորգ Ա­թո­ռա­նիս Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թեան եւ մա­տու­ցուած Ս. Պա­տա­րա­գին յա­նուն Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին՝ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան եւ Վա­ղար­շակ Սրկ. Սե­րով­բեան։ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 20, 2017