ԲՆԱԿԱՆՈՆ ԻՆՔՆԱԶԳԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան վերջին օրերուն դարմանման տակ կը գտնուի՝ վարակուած ըլլալով քորոնաժահրով։ Առաջին նախագահի գրասենեակը երէկ մանրամասնութիւններ հրապարակեց Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի բուժման ընթացքին շուրջ։

Ներկայիս Տէր-Պետրոսեան տնային պայմաններու ներքեւ բժիշկներու հսկողութեան տակ կը գտնուի։ Իրեն վերաբերեալ ախտաճանաչումներուն համապատասխան բուժում կը կատարուի։ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ինքնազգացողութիւնը բնական է։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2021