ԹԵՀՐԱՆԷՆ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՀՐԱՒԷՐ

Չինաստանի միջնորդութեամբ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ապահովուած ձիւնահալը հետզհետէ կը զարգանայ դիւանագիտական գետնի վրայ։ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Թեհրան-Ռիատ մերձեցման լոյսին տակ Սէուտական Արաբիոյ Սելման թագաւորը երկիր հրաւիրուած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի կողմէ։ Աւելի առաջ ալ Սելման թագաւորը Ռայիսին հրաւիրած էր այցելել իր երկիրը։ Այսպէսով, երկու մայրաքաղաքներու միջեւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հրաւէրներ փոխանակուած եղան՝ առաջին դէմքերու այցելութեան համար։ Ծանօթ է, որ նախագահ Ռայիսի դրականօրէն արձագանգած էր Սելման թագաւորի հրաւէրին։ Երկու երկիրներու միջեւ բնականոնացման ճանապարհին որպէս կարեւոր քայլ այժմ կը նախատեսուի՝ մայիսի 8-ին դեսպաններու փոխադարձ նշանակումը։

Միւս կողմէ, Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ մերձեցումը անդրադարձ կ՚ունենայ նաեւ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ։ Վերջին օրերուն Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պին Ֆերհան այցելեց Դամասկոս, ուր հիւրընկալուեցաւ նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի կողմէ։ Այս այցելութենէն անմիջապէս առաջ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Միքթատն ալ այցելած էր Ռիատ։ Այս փոխադարձ այցելութիւններով արդէն դիւանագիտական երթեւեկը թափ կը ստանայ նաեւ Սուրիա-Սէուտական Արաբիա առանցքին վրայ։

Ներկայիս օրակարգի վրայ է, որ Սուրիա վերադառնայ՝ 22 երկիրներէ բաղկացեալ Արաբական լիկային։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 20, 2023