ՅԱՐԱՏԵՒ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոեան հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի փոխ-տեղակալ Էրիքա Օլսոնը, որ վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ: Հանդիպման մասնակցած է նաեւ ԱՄՆ-ի Կովկասի բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ Լուիս Պոնօ:

Այսպէս, տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանէ ներս կայունութեան հաստատման, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան, տարածաշրջանի բոլոր տնտեսական ու փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի շուրջ հարցեր:

Արարատ Միրզոյեան ներկայացուց առկայ առանցքային խնդիրներու կարգաւորման հարցին մէջ հայկական կողմին մօտեցումները՝ համապարփակ ու կայուն խաղաղութեան հասնելու նպատակով Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցերու հասցէագրման վերաբերեալ: Նախարար Միրզոյեան վերահաստատեց խաղաղութեան գործընթացին կապակցութեամբ հայկական կողմին յանձնառութիւնը՝ ընդգծելով Ատրպէյճանի առաւելապաշտ նկրտումներէն, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ ակրեսիւ քաղաքականութենէն ու ռազմատենչ հռետորաբանութենէն հրաժարելու կարեւորութիւնը:

Զրուցակիցները անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակին, 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան դրոյթներուն համապատասխան Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման վերացման հրամայականին:

Կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ Հայաստան-ԱՄՆ երկկողմանի օրակարգի, ներառեալ ռազմավարական երկխօսութեան վերաբերեալ հարցերու շուրջ:

Էրիքա Օլսոն Երեւանէն վերջ անցաւ Պաքու, ուր երէկ ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը՝ պատասխանելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւններուն։ Նախարարութեան կողմէ ընդգծուած է, որ Ալիեւի խօսքերը ցոյց կու տան Հարաւային Կովկասէ ներս կարգաւորման գործընթացները խաթարելու ուղղեալ անոր իսկ ջանքերը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 20, 2023