ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄ
Սուրիոյ ներքին պատերազմի պայմաններուն ներքեւ երկրի հայութեան մատնուած ողբերգական վիճակը հայաշխարհէ ներս կը շարունակէ ուշադրութեան առարկայ մնալ բոլոր մակարդակներու վրայ։ Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս երեսփոխան Մհեր Շահկելտեան բարձրաձայնեց հալէպահայոց խնդիրներուն մասին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, պատգամաւորը խորհրդարանի ամպիոնէն յայտնեց, թէ Հալէպի մէջ օրէ օր կը վատթարանայ կացութիւնը, ինչ որ լրջագոյն սպառնալիք մը կը ստեղծէ քաղաքի ամբողջ բնակչութեան եւ յատկապէս հալէպահայութեան համար։
Մհեր Շահկելտեանի ներկայացուցած տուեալներով, ներկայիս Հալէպի մէջ մնացած է շուրջ 20 հազար հայ. մէկ քառորդը երախաներ։ Ան առաջարկեց հալէպահայութեան խնդիրները դարձնել համազգային առաջնահերթութիւն եւ քայլերու ձեռնարկել չէզոքացնելու համար այն վտանգները, որոնք կը սպառնան անոնց կեանքին։ «Որքան որ ալ սա մեր կարողութիւններու շրջանակին մէջ չէ, համոզուած եմ, որ մենք պէտք է աշխուժացնենք դիւանագիտական ջանքերը եւ համոզենք աշխարհի ուժային կեդրոններն ու միջազգային կազմակերպութիւնները, որպէսզի անոնք աւելի քիչ խօսին եւ աւելի շատ գործեն։ Մենք պէտք չէ մոռնանք, որ հարցը կ՚առընչուի մեր հայրենակիցներուն, ուստի, պէտք է մեր ջանքերը աշխուժացնենք՝ գործընթացին ներգրաւելով Սփիւռքի մեր հայրենակիցները, Հայաստանի քաղաքական ուժերը, ինչպէս նաեւ Արցախը», նշեց Մհեր Շահկելտեան։