ԿԵԱՆՔԷՆ ՀԵՌԱՑԱՒ ԵՐԳԱՀԱՆ ՈՒ ԽՄԲԱՎԱՐ ԺԱՆ ԱԼՄՈՒԽԵԱՆ

Մահացաւ արժանթինահայ յայտնի երգահան եւ խմբավար Ժան Ալմուխեան: Ան ծնած էր 1932 թուականին, Յունաստան, 1947 թուականին ընտանիքով հաստատուած էր Արժանթին: Ուսած էր Արժանթինի ականաւոր վարպետներուն մօտ:

1957 թուականին խումբ մը արուեստասէր ընկերներու հետ հիմնած էր «Հայ երաժշտութեան բարեկամներ» ընկերակցութիւնը եւ անոր «Արաքս» երգչախումբը, որուն հիմնադիրն ու գեղարուեստական խմբավարը եղած էր տասնամեակներ շարունակ: Իր բարձր նուիրումին ու երկաթեայ կարգապահութեան շնորհիւ՝ «Արաքս»ը դարձած էր Պուէնոս Այրէսի սիրողական լաւագոյն խումբերէն մին՝ աւելի քան 350 հայկական, արժանթինեան եւ այլ ժողովուրդներու խմբերգներէ բաղկացած հարուստ երգացանկով: «Արաքս»ի ճամբով Ժան Ալմուխեանի կատարած մեծ աշխատանքին շնորհիւ կարելի եղած էր հայ երաժշտութիւնը իր արժանի բարձունքին վրայ պահել ու տարածել ոչ միայն հայ հասարակութեան, այլ նաեւ տեղացի ժողովուրդին մէջ: Երկար տարիներ Ալմուխեանի ղեկավարած երգչախումբին ճամբով ջամբուող հայապահպանութեան շնորհիւ շատեր հայ մնացած են:

2011 թուականին, Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակին առիթով, Սփիւռքի նախարարութիւնը Ժան Ալմուխեանը պարգեւատրած էր «Կոմիտաս» շքանշանով:

2012 թուականին, անոր ծննդեան 80-ամեակին եւ երաժշտական գործունէութեան 55-ամեակին առիթով, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծիրին մէջ տեղի ունեցած էր անոր եւ ծաւալած գործունէութեան մեծարման նուիրուած երեկոյ՝ Երեւանի «Արամ Խաչատուրեան» համերգասրահին մէջ:

Ժան Ալմուխեանի վաստակը գնահատելով՝ Հայաստանի օրուան սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան զայն պարգեւատրած էր Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան ոսկի մետայլով:

2014 թուականի մարտի 18-ին, Հայաստանի անկախութեան 22-ամեակին առիթով, Պուէնոս Այրէսի Հայ կեդրոնի «Սիրանոյշ» սրահին մէջ տեղի ունեցած էր Ժան Ալմուխեանի մեծարման երեկոն, որու ընթացքին անոր յանձնուած էր Հայաստանի օրուան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրը, որով Ժան Ալմուխեան կը պարգեւատրուէր «Մովսէս Խորենացի» մետայլով:

Ժան Ալմուխեան հեղինակած էր մեծ թիւով երաժշտական ստեղծագործութիւններ՝ երգչախմբային, սենեկային, սիմֆոնիք, դաշնամուրային, մեներգներ, որոնք բազմիցս կատարուած են ինչպէս Արժանթինի, այնպէս ալ այլ երկիրներու մէջ. օրինակ՝ Իտալիա, Պոլիվիա, Զուիցերիա, Ուրուկուայ եւ այլն:

Ալմուխեան անդամ էր «Սատաիք»ի (Արժանթինի յօրինողներու ընկերակցութեան):

Հինգշաբթի, Մայիս 20, 2021