ԸՍՏ ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒԻ, ԵՐԵՒԱՆԻ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՃՆՇՄԱՆ ՏԱԿ Է
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու Նիւ Եորքի մէջ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Իր խօսքով՝ Երեւանի ղեկավարութիւնը երկրէն ներս արմատականներու, իսկ երկրէն դուրս սփիւռքի կողմէ ճնշման տակ է։ Ան համոզուած է, թէ Ատրպէյճանի գծով Հայաստան բարեացակամ մօտեցումներու պատասխան պէտք է տայ։
Չավուշօղլու Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-է ներս Միջազգային գաղթի վերանայման ֆորումին մասնակցելէ վերջ պատասխանեց Ատրպէյճանէ լրագրողներու հարցումներուն։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Չավուշօղլու այս փուլին յայտնեց, որ իր տարած յաղթանակէն վերջ Ատրպէյճան կը ձգտի խաղաղութեան ու տարածաշրջանէ ներս անդորրութեան, ինչ որ ցոյց տուած է յստակօրէն։ Պաքու առաջարկած էր, որպէսզի Երեւանի հետ համապարփակ խաղաղութեան համաձայնութիւն մը կնքէ։ Աւելի վերջ օրակարգի վրայ եկած է սահմաններու յստակեցման համար համատեղ յանձնաժողովի մը ստեղծուիլը։ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած ժողովներուն համաձայնութիւն գոյացած է այս նիւթերուն շուրջ եւ ստեղծուած է սահմաններու համատեղ յանձնաժողով մը։ Այս բոլորը պատմելէ վերջ Չավուշօղլու ըսաւ. «Ըսին, որ համապարփակ խաղաղութեան համաձայնութեան բանակցութիւնները յառաջ տարուին արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ ու մենք ալ ուրախացանք, գոհ մնացինք»։
Ըստ Չավուշօղլուի, Ատրպէյճան կը խրախուսէ նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի բանակցութիւնները, ինչ որ դրական հանգամանք մըն է։
«Միշտ կ՚ըսենք, որ այժմ Հայաստան պէտք է ընդառաջէ այս բարեացակամ մօտեցումներուն ու կը խրախուսենք այս բանը։ Կը տեսնենք, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը երկրէն ներս արմատականներու եւ դուրսի սփիւռքի կողմէ ճնշման տակ է», ըսաւ ան։
Նախարարը յայտնեց, որ աւելի առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի եւ իր այլ երկխօսներուն դիտել տուած է, որ Հայաստան այս ուղղութեամբ աւելի պէտք է խրախուսուի։ Ըստ իրեն, Պլինքընի հետ ունեցած վերջին հանդիպման ժամանակ հերթական անգամ յիշեցուցած է, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան խաղաղութեան կը ձգտին եւ տարածաշրջանի կայունութեան համար իրենց բարեացակամութիւնը ի յայտ բերած են։
Միւս կողմէ, Երեւանի «Հրապարակ» օրաթերթը այս առաւօտ հաղորդեց, որ Հայաստանի մէջ սկսած է կեանքի կոչուիլ դէպի Թուրքիա ճանապարհի նորոգութեան եւ արդիականացման ծրագիրը, ինչ որ կը համարուի սահմանի բացման համար պատրաստութիւն։ Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւնը յայտարարած է մրցոյթ։