ՆԱՈՒՍԵՏԱ ԵՐԵՒԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան այս առաւօտ բարձր արարողակարգով դիմաւորեց Լիթվանիոյ նախագահ Կիթանաս Նաուսետան, որ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Երեւանի նախագահական ապարանքէն ներս զինուորական արարողութիւն տեղի ունեցաւ ի պատիւ հիւր նախագահին։ Աւելի վերջ Վահագն Խաչատուրեան եւ Կիթանաս Նաուսետա ունեցան առանձնազրոյց մը։

Ուրբաթ, Մայիս 20, 2022