ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ՝ ՆՈՐ ՈԴԻՍԱԿԱՆԻ ՇԵՄԻՆ
Վարագոյրը իջաւ Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն վրայ: Պաշտօնական արդիւնքները հրապարակուած են արդէն եւ խորհրդարանի համապատկերը պարզուած: Պարզ չեն սակայն ներխորհրդարանական յետագայ յարաբերակցութիւնները, գոյանալիք համաձայնութիւնները կամ յառաջանալիք բաժանումները: Արտաքին ներշնչանքներ, ուղեկցուած՝ ներքին ձայներով, իրենց առարկայացումը որոշ առումով արձանագրած են: Դասական դէմքեր հեռացած են խորհրդարանէն եւ նորեր ներառուած: Նորերը «անկախ» կամ «քաղաքացիական շարժման ներկայացուցիչ» դասակարգումին տակ կու գան գրաւելու խորհրդարանական սահմանափակ թիւով աթոռներ:
Քարոզչաքաղաքական մեկնաբանութիւնները առատ են: Կողմեր պաշտօնապէս կը յայտարարեն, որ պիտի ձեռնարկեն արմատական փոփոխութիւններու, սկսած խորհրդարանի նախագահի անձէն մինչեւ կառավարութեան հիմնական նոր ուղղութիւն ճշդող ծրագիրի որդեգրում: Նոյն դրդապատճառներէն մեկնած, կը բարձրաձայնուի նորահաստատ խորհրդարանական մեծամասնութեան մասին, որ պիտի ձեռնարկէ «ապագաղութայնացման» օրէնսդիր շարժումի. յստակ է ակնարկութիւնը՝ Իրանի ազդեցութեան չէզոքացման առումով:
Հազիւ ընտրուած խորհրդարանը, նման ոգեւորութեան շտապողականութեամբ միտքեր շրջանառութեան մէջ կը դրուին, փոփոխութեան մեկնարկի ազդանշանը տարածելով:
Իրադրութիւնները այնքան ալ պարզունակ չեն անշուշտ: Տակաւին յստակ չէ, թէ ինչպէ՛ս պիտի ձեւաւորուի մեծամասնութիւնը. նոյնքան հարցական է կատարուելիք փոփոխութիւններու ընթացքն ու ճակատագիրը: Բեւեռացումը առկայ է ընդհանուր գիծերու մէջ, եւ չեն բացառուիր յառաջիկայ ցնցումները: Կան ճեղքումներ տարբեր համայնքներու շրջանակներուն մէջ, ինչ որ ակնկալելի էր տարիներու վրայ երկարող եւ այս երկրին նկատմամբ իրականացուող քաղաքականութեան դիմաց:
Նկատենք, որ գործող կառավարութեան յատկացուեցաւ պիւտճէ՝ կարենալ կազմակերպելու համար խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնց ճշդուած ժամկէտին իրականացումը համընդհանուր պահանջ էր: Այն պետութիւնները, որոնք կը մերժէին օժանդակել Լիբանանին, աւելի՛ն՝ ֆինանսական պաշարման ենթարկած էին Լիբանանը, այս պարագային գումար չէին զլանար ընտրութիւնները կազմակերպելու համար: Կար առաջադրանք խորհրդարանի համապատկերի փոփոխութեան ձեռնարկելու:
Յետահայեաց դիտարկում պէտք է կատարել ընտրական ներկայ օրէնքի որդեգրման հանգամանքներուն: Կը թուի, որ հիմա բոլորը համոզուած են, որ օրէնքը՝ համամասնականի, վարկանշայինի եւ համայնքայինի ներառումով, հարուածած է համայնքային ներկայացուածութիւնը: Համահունչ է ուրեմն ընդհանուր առաջադրանքին՝ համայնքային համակարգէն քաղաքացիական պետութեան անցումին:
Խնդիրը սակայն միայն խորհրդարանի կամ աւելի մեծ հաշուով պետութեան ապահամայնքայնացումին չի վերաբերիր: Խնդիրը ուղղակի ժողովրդավարութեան եւ ժողովուրդի կամքին հետ աղերսուած է սերտօրէն: Անկախ համայնքապատկան քուէներէ, երբ մեծ հաւանականութիւն կը ստեղծուի, որ հազիւ քանի մը հարիւր քուէ ստացածը անցնի խորհրդարան, դուրս ձգելով բազմահազար քուէ ստացած թեկնածուն, ապա ուրեմն երեւոյթը ուղղակի անարդար ընտրութեան իրողութիւն կը ստեղծէ: Պատահական չէ ուրեմն գործող օրէնքի որդեգրումը, կամ որդեգրել տալու օրուան քաղաքականութիւնը:
Թուաբանական հաշուարկն ու անոր վրայ հիմնուած յետագայ վերլուծումները պիտի շարունակուին: Իբրեւ ընդհանուր քաղաքական ուղղութիւն արդէն կը խօսուի Իրանի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ունեցած խորհրդարանական խմբակցութիւններուն մասին: Աւելիով կը վերաշեշտուի, որ նոր ոդիսական մը կը սպասէ Լիբանանին, որ պիտի ապրի իր ելեւէջները համընթաց շահագրգռուած պետութիւններու միջեւ ընթացող բարելաւման կամ լարման յարաբերութիւններուն:
Խորհրդարանի ապահամայնքայնացում ընդհանուր առումով չէ իրականացած: Ճեղքում կատարուած է նեղ դռներէ եւ աւելի դժուարացած խորհրդարանական մեծամասնութեամբ որոշումներ կայացնելու գործընթացը:
Եւրոպական Միութեան դէտերը կը խօսին օգտագործուած ընտրակաշառքի ծաւալին ունեցած ազդեցութեան մասին, իսկ լիբանանեան համապատասխան միութեան տեղեկագիրը կը շեշտէ ընտրախախտումները:
Այս գնահատականները երկրորդական նշանակութիւն կրնան ունենալ, երբ քաղաքական գնահատականներ հնչեն առընչուած պետութիւններէն եւ միջազգային ընտանիքէն:
Նոր խորհրդարանը ըստ էութեան հրամայականի առջեւ է հակաճգնաժամային օրէնքներ ընդունելու եւ կազմուելիք կառավարութեան բարենորոգումներու ծրագիրին համար նոր հիմնադրոյթներ բանաձեւելու: Այս ուղղութիւնները սակայն առաջադրանքի սահմաններուն մէջ են: Անոնց գործադրելիութիւնը քաղաքական նոր յորձանուտներէ անցնելու իրականութեան դիմաց է:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի