ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի հետ։ Այս տեսակցութիւնը նախորդեց ԵՄ-Հայաստան գործընկերութեան խորհուրդի չորրորդ նիստին, որ նախատեսուած է Պրիւքսելի մէջ։ Միրզոյեանի եւ Պորելի առանձնազրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ միջազգային ու տարածաշրջանային՝ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ հարցերուն։ Միրզոյեան ներկայացուց Երեւանի դիրքորոշումը՝ տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ։ Ան կարեւորեց միջազգային հանրութեան ու մանաւանդ՝ ԵՄ-ի աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան՝ նպաստելու համար հիմնախնդրի համապարփակ ու տեւական լուծման։

Դէպի Պրիւքսել ուղեւորութեան ծիրէն ներս Արարատ Միրզոյեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Եւրոխորհրդարանի փոխ-նախագահ Էվա Քոփաչի հետ։ Այս զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։

ԵՄ-Հայաստան գործընկերութեան խորհուրդի չորրորդ նիստէն վերջ ալ պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ բանակցութիւնները տեղի ունեցած են առանձնապէս բարդ միջազգային համատեսքի մը մէջ, ինչ որ անվտանգութեան ու տնտեսական կայունութեան առումով բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կը ստեղծէ թէ՛ Երեւանի եւ թէ Պրիւքսելի տեսակէտէ։ Գործընկերութեան խորհուրդի բանակցութիւնները գլխաւորեցին Միրզոյեան եւ Պորել։ Ներկայ էր նաեւ Եւրոյանձնաժողովի հարեւանութեան եւ ընդլայնման գծով յանձնակատար Օլիվեր Վարհելյի։

Գործընկերութեան խորհուրդի ժողովին առթիւ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ ալ Արարատ Միրզոյեան կանգ առաւ Հարաւային Կովկասի իրավիճակին, Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման գործընթացին, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի համապարփակ ու տեւական լուծման գործընթացին վրայ։ «Մենք կ՚ակնկալենք ԵՄ-ի աջակցութիւնը խաղաղ գործընթացին՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեան համաձայն», ըսաւ ան՝ հերթական անգամ մատնանշելով տակաւին չլուծուած մարդասիրական խնդիրները, հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակուիլը, հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնը եւ հակամարտութեան վերաբերեալ այլ հարցեր։

Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան հաստատման համար փոխանակուած առաջարկներուն վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելով՝ Արարատ Միրզոյեան ըսաւ. «Մենք հրապարակած ենք խաղաղ գործընթացի մեր տեսլականը։ Ի սկզբանէ ըսած ենք, որ Ատրպէյանի առաջարկած կէտերուն մէջ հայկական կողմի համար անընդունելի ոչինչ կայ, սակայն անոնք չեն հասցէագրեր հաւանական ու ակնկալուող պայմանագրի ամբողջ օրակարգը եւ առկայ խնդիրներու ամբողջական շրջանակը։ Եւ այս առումով մեզի համար կարեւոր է քննարկել իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցերը Լեռնային Ղարաբաղի պարագային, ինչպէս նաեւ անոր կարգավիճակը»։

Ուրբաթ, Մայիս 20, 2022