ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒ
«Պողազիչի» համալսարանի Պատմութեան ֆաքիւլթէի ուսանող Մուսթաֆա Իշչիլէր որոշած է պատմագիտական ուսումնասիրութիւններու նպատակով Վանէն հեծանիւով ուղեւորուիլ դէպի Երեւան։ Իշչիլէր կը փափաքի գրի առնել այդ շրջաններու մէջ բնակող մարդոց յիշողութիւններն ու պատմութիւնները։
Մուսթաֆա Իշչիլէր թէեւ ունի տեսողական խնդիրներ, սակայն որոշած է ամէն գնով յաղթահարել դժուարութիւնները եւ իրագործել իր նպատակը։ Հասարակական աշխուժութեամբ աչքի զարկած ուսանողը ժամանակին Իսթանպուլի մէջ գիշերները հեծանիւով ուտելիք բաժնած է անտուններուն։ Այժմ ան նպատակ ունի մագիստրոսական աւարտական աշխատանքին համար իսլամացած հայերու, ցեղասպանութեան եւ եզիտիներու վերաբերեալ դաշտային ուսումնասիրութիւններ կատարել։
Իր ճանապարհորդութիւնը պիտի սկսի Օոստոս 12-ին եւ պիտի տեւէ երեք շաբաթ։ Երթուղիի մէջ ներառուած է Աղթամար կղզին, հին հայկական գիւղերը, Արարատը, Պայազիտը, Իգդիրը, Թուզլուճան, Արալըքը, Կարսը, Տեկորը, Օճաքլըն, Անին եւայլն, ապա Վրաստանն ու Հայաստանը։
Իշչիլէր յայտնած է, թէ ստացած է «Պողազիչի» համալսարանի դասախօսներուն եւ վարիչներուն աջակցութիւնը։ Ան նշած է, որ ճանապարհորդութեան ընթացքին մինակ պիտի չըլլայ։ «Այս բնագաւառին մէջ ուսումնասիրութիւններ իրականացնող մարդոց հետ պիտի ըլլամ։ Իսթանպուլէն վեց հոգինոց խումբի մը հետ ճամբայ պիտի ելլենք, Տիարպաքըրի մէջ մեզի պիտի միանայ հայերու վեց հոգինոց խումբ մը», ըսաւ Իշչիլէր՝ նշելով, որ ամէն գիւղի մէջ պիտի արձանագրեն մարդոց յիշողութիւնները, պատմութիւնները։ Ուղեւորութեան ընթացքին պիտի նկարահանուի փաստագրական ժապաւէն մը։