ԱՆԿԵՂԾ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու 22-ին մշտական ներկայացուցիչներէն բաղկացեալ պատուիրակութիւն մը ներկայիս շրջագայութեան ձեռնարկած է դէպի Հարաւային Կովկաս։ Այս ծիրէն ներս ԵԱՀԿ-ի պատուիրակութիւնը այցելեց Երեւան, ուր հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Վերոնիք Ռոժէ-Լաքանի կողմէ գլխաւորուած ԵԱՀԿ-ի պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան կարեւորեց Հայաստանի կառավարութեան եւ ԵԱՀԿ-ի ու այս վերջնոյն անդամ պետութիւններու հետ սերտ համագործակցութիւնը, շինիչ երկխօսութիւնը։ Ան խօսեցաւ Հայաստանի ներքին քաղաքական զարգացումներուն, արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն եւ պատասխանեց հիւրերու շարք մը հարցումներուն։ Արծարծուած նիւթերը կը վերաբերէին Հայաստանի կառավարութեան գործունէութեան ու ծրագրերուն՝ քաղաքական, տնտեսական ոլորտներէ ներս, ժողովրդավարական հաստատութիւններու զարգացման նպատակով նախատեսուած բարեփոխումներուն։ Դիւանագէտներու խնդրանքով վարչապետը ներկայացուց նաեւ իր դիտարկումները արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպման եւ Ընտրական օրէնսգրքին մէջ փոփոխութիւններու իրականացման, կաշառակերութեան դէմ պայքարի, գործարար միջավայրի բարելաւման, մենաշնորհներու դէմ պայքարի մասին։

Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն։ Ան կանգ առաւ նաեւ Ռուսաստանի, Եւրոմիութեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու հետ յարաբերութիւններու վրայ։

Վերոնիք Ռոժէ-Լաքան շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետին անկեղծ եւ անմիջական երկխօսութեան համար։ Ան ընդգծեց, որ ԵԱՀԿ պատրաստ է զարգացնել ու խորացնել Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը՝ կառավարութեան բարեփոխումներուն օժանդակելու նպատակով։ Իր կարգին, ԵԱՀԿ-ի պատուիրակութիւնը հիւրընկալելու ժամանակ Զօհրապ Մնացականեանն ալ մատնանշեց, որ հայկական կողմը մեծապէս կը կարեւորէ այս կազմակերպութեան շրջանակներէն ներս բազմակողմանի համագործակցութիւնը։ Իր խօսքով՝ այդ համագործակցութեան շնորհիւ Հայաստանէ ներս իրականացուած են կարեւոր բարեփոխումներ։ Հայաստանն ալ աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած է կազմակերպութեան գործունէութեան բոլոր հարթութիւններուն վրայ եւ իր ներդրումը բերած՝ կառոյցի արդիւնաւէտութեան եւ հեղինակութեան բարձրացման ուղղութեամբ։

Զօհրապ Մնացականեան հիւրերուն ներկայացուց Հայաստանի վերջին զարգացումները, անդրադարձաւ երկրէն ներս ընթացող բարեփոխումներուն եւ կառավարութեան նոր ծրագրին։ Այս առընչութեամբ յատկապէս ընդգծուեցաւ երկրէն ներս կայացած քաղաքացիական հասարակութեան եւ աշխոյժ երիտասարդութեան դերը։

ԵԱՀԿ-ի դեսպանները նշեցին, որ վեց տարուան ընդմիջումէ մը վերջ կ՚իրականացնեն տարածքաշրջանային այցելութիւն մը եւ սա լաւ հնարաւորութիւն մը կ՚ընձեռէ՝ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու համար Հայաստանի ներքին քաղաքական զարգացումներուն եւ գնահատելու տարածքաշրջանային անվտանգութեան իրավիճակը։

Զրոյցի մասնակիցները կարեւորեցին Հայաստանէ ներս ԵԱՀԿ-ի ծրագրերու շարունակականութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ նախարար Մնացականեան աջակցութիւն յայտնեց համապատասխան նախաձեռնութիւններուն համար։

Հանդիպման տեւողութեան կարծիքներ փոխանակուեցան Հայաստանի նոր կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն, տարածքաշրջանային եւ միջազգային զարգացումներուն եւ ԵԱՀԿ-ի գործունէութեան շուրջ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018