ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ԿԱԼԱՆԱՒՈՐՈՒԱԾ

Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ կատարուած վերջին բացայայտումներուն հիման վրայ յայտնաբերուած տուեալները կը շարունակեն բնորոշել Հայաստանի օրակարգը։ Երէկ, խորհրդարանը գումարեց արտահերթ նիստ մը, որու ընթացքին տեղի ունեցած քուէարկութեան հիման վրայ երեսփոխան Մանուէլ Գրիգորեան զրկուեցաւ անձեռնմխելիութենէ։ Հանրապետութեան աւագ դատախազ Արթուր Դաւթեանի պահանջով դատական մարմիններն ալ որոշեցին կալանաւորել Մանուէլ Գրիգորեանը։

Միւս կողմէ, երէկ կալանաւորուեցաւ նաեւ Արթուր Ասատրեան, որու եւ Մանուէլ Գրիգորեանի թշնամութեան հետեւանքով վերջերս դէպքեր ծագած էին Էջմիածին քաղաքին մէջ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018