ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան ներկայիս աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել։ Այսօր Պրիւքսելի մէջ կը սկսի Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստը։ Երկօրեայ ժողովներուն մասնակցելու առընթեր, Զօհրապ Մնացականեան հանդիպումներ կ՚ունենայ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի, ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հանի, ներքին գործոց, գաղթի եւ քաղաքացիութեան հարցերով յանձնակատար Տիմիթրիս Աւրամափուլոսի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մնացականեան երէկ Պրիւքսելի մէջ տեսակցեցաւ Եոհաննէս Հանի հետ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն։ Նախարարը կարեւորեց Հայաստան-Եւրոմիութիւն համապարփակ եւ ընդլայնուած կազմով համաձայնագիրը՝ որպէս շրջանակ երկկողմանի յարաբերութիւններուն համար։ Կարծիքներ փոխանակուեցան տարածքաշրջանային եւ միջազգային մարտահրաւէրներու շուրջ։ Մնացականեան հանգամանօրէն անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին առընչութեամբ հայկական կողմի դիրքորոշումներուն եւ առաջնահերթութիւններուն։ Ան ընդգծեց, որ խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի մը ձեւաւորումը անհրաժեշտ է բանակցային գործընթացը յառաջ մղելու համար։ Նախարարը ԵՄ-ին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ցուցաբերուած հետեւողական աջակցութեան համար։

Պրիւքսելի ժողովներու սկիզբին ընդառաջ Եւրոմիութեան կողմէ երէկ հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը, որու մէջ շեշտուեցաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կը պահանջէ արագ քաղաքական կարգաւորում՝ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն եւ չափանիշներուն համապատասխան։ Շեշտուեցաւ, որ այս հակամարտութիւնը կը շարունակէ խոչընդոտել տարածքաշրջանի կայունութիւնը եւ բարեկեցութեան մակարդակի բարձրացումը։

Պրիւքսելէն վերջ Զօհրապ Մնացականեան 22 Յունիսին պիտի այցելէ Մինսք, ուր պիտի մասնակցի ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու անպաշտօն հանդիպման։

28-29 Յունիսին ալ Զօհրապ Մնացականեան պիտի այցելէ Պերլին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018