ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՆԱԽԱՐԱՐ

Հայաստանի կառավարութեան կազմէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ համալրում։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրով Հայաստանի արդարադատութեան նախարար նշանակուեցաւ Ռուստամ Բադասեան։ Այս վերջինը նշանակուած է իր երկրի վարչապետի առաջարկով։

Ռուստամ Բադասեան այս պաշտօնին մէջ կը յաջորդէ Արտակ Զէյնալեանին, որ վերջերս հրաժարած էր իր պաշտօնէն։

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2019