ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ԿԱՌՈՅՑ

Երեւանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի եւ տեղական մարմիններու 28-րդ համատեղ նիստը՝ գլխաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, որ միեւնոյն ժամանակ ի պաշտօնէ հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահն է։ Ժողովին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան ելոյթին մէջ ընդգծեց, որ աւելի քան 25 տարիէ ի վեր «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կ՚իրականացնէ համազգային առաքելութիւն մը՝ Հայաստանը, Արցախը եւ սփիւռքը միաւորող բացառիկ կառոյցի մը հանգամանքով։ Ան Արցախի զարգացման կարեւորագոյն նուիրատուն է ներկայիս եւ այդպէս ալ պէտք է մնայ ապագային։ «Հիմնադրամը մեր գիտակցութեան մէջ պէտք չէ ընկալուի որպէս միայն ճանապարհ կամ ոռոգման ցանց կառուցող հիմնարկ մը։ Ան պէտք է ընդունուի, ընկալուի եւ հաստատուի առաջին հերթին որպէս համազգային վստահութեան կառոյց, որ կ՚ապրի ո՛չ թէ անցեալ ժամանակով, այլ՝ ապագայով։ Այսինքն՝ արժեւորենք անցեալի մէջ կատարուած աշխատանքը ու ներկայի միջոցաւ մտածենք ապագայի մասին, շարժինք դէպի ապագայ։ Հիմնադրամի գործունէութեան վերաբերեալ որեւէ փոփոխութիւն՝ իրաւականէն մինչեւ բարոյահոգեբանական, պէտք է յստակ պատգամ մը ունենայ։ Եւ այդ պատգամը հետեւեալն է. «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը պէտք է ըլլայ կասկածներէ, ենթադրութիւններէ, շահարկումներէ վեր կառոյց մը՝ «Հայաստան, Արցախ, սփիւռք» եւ «հայութիւն» նպատակներով։ Ես ըսած եմ ու այժմ ալ կը կրկնեմ՝ 20-րդ դարուն ստեղծուած հիմնադրամը մեծ յաջողութիւններու հասած է։ Ժամանակն է, որ ան դառնայ 21-րդ դարու ազգային կառոյց», ըսաւ նախագահ Արմէն Սարգսեան։

Միեւնոյն ժամանակ ան աւելցուց, որ ժամանակն է, որպէսզի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը ստանձնէ նաեւ համահայկական ցանցը ամրացնելու եւ սերտացնելու առաքելութիւնը։ «Ի վերջոյ, մենք հայապահպանութեան՝ հայոց լեզուի, ինքնութեան, պատմութեան եւ արժեհամակարգերու պահպանման խնդիր ունինք, ինչ որ համաշխարհայնացման պայմաններուն մէջ աւելի սուր դրսեւորում կը ստանայ։ Հաշուի առնելով կառուցուածքային լայն աշխարհագրութիւնը՝ հիմնադրամը կրնայ նաեւ նման ծրագրեր իրականացնել՝ ամրացնելով հայկական համայնքները եւ հայկական արժէքները։ Սա կրնայ դառնալ հիմնադրամի ռազմավարական նպատակներէն մին», աւելցուց Արմէն Սարգսեան։

Հոգաբարձուներու խորհուրդի ժողովի ընթացքին Արմէն Սարգսեան ընդգծեց, որ հիմնադրամի պարագային կը տեսնէ փոփոխութիւններու կարիք։ Յամենայնդէպս ան պէտք չէ ածանցուի դրամահաւաք կառոյցի մը հետ։ Ան անհրաժեշտ կը նկատէ նաեւ հիմնադրամի համար նոր տեսլական մը եւ գործունէութեան նոր ծրագիր մը։

Իր կարգին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ ընդգծեց, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամէն կ՚ակնկալէ աւելի ազդեցիկ եւ ոգեշնչող ծրագրեր։ «Հիմնադրամը պէտք է դառնայ մեր համազգային պիւտճէն», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։ Վարչապետը բարեգործութեան նոր ընկալման անհրաժեշտութիւն կը տեսնէ հիմնադրամի աշխատանքներուն մէջ։

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2019