ԽՈՐՔԱՅԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Երեւանի ղեկավարութիւնը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտը, որ ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին Փաշինեան կարեւորեց հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումն ու ընդլայնումը։ Ան բարձր գնահատեց ԱՄՆ-ի օժանդակութիւնը Հայաստանի կառավարութեան ժողովրդավարական բարեփոխումներու ի նպաստ։ Իր խօսքով՝ ժողովրդավարութեան զարգացումը կառավարութեան կարեւորագոյն առաջնահերթութիւններէն է։ Տոնֆրիտն ալ յայտնեց, որ ԱՄՆ-ի վարչակազմը եւս կը կարեւորէ Հայաստանի հետ համագործակցութեան զանազան ուղղութիւններով ընդլայնումն ու ամրապնդումը։ Ուստի, երկրի ժողովրդավարական կառոյցներու զարգացման ուղղեալ աջակցութիւնը շարունակական բնոյթ պիտի կրէ։ Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի այժմու գործընթացներուն, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի գործունէութեան։

Փաշինեան կարեւորեց տարածաշրջանէ ներս կայունութեան ու խաղաղութեան ամրապնդումը։ Ան ընդգծեց տարածաշրջանային կայունութիւնը խաթարող սադրիչ յայտարարութիւններուն ու գործողութիւններուն դէմ միջազգային հանրութեան համարժէք արձագանգի անհրաժեշտութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, վարչապետը ընդգծեց ԱՄՆ-ի առանցքային դերը՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ պետութիւն։ Փաշինեան կարեւորեց հիմնախնդրի համապարփակ կարգաւորման գործընթացը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակէն ներս։

Երկուշաբթի, Յունիս 20, 2022