ԱԶԴՈՒ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄ

ՃՀՓ­-ի Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Սե­լի­նա Տո­ղան Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գին վրայ բե­րաւ՝ փոք­րա­մաս­նու­թեանց վա­քըֆ­նե­րու մա­տա­կա­րար մար­մին­նե­րու առ­կա­խեալ ընտ­րու­թեան հար­ցը։ Տա­րի­նե­րէ ի վեր հրա­պա­րա­կու­մը յա­պա­ղած նոր կա­նո­նադ­րու­թեան խնդի­րը Սե­լի­նա Տո­ղա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ներ­կա­յիս ար­ձա­գանգ կը գտնէ խորհր­դա­րա­նէն ներս։ Այս առ­թիւ ան ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րած է, թէ կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ տա­րի­նե­րէ ի վեր հրա­պա­րա­կու­մը յա­պա­ղուած կա­նո­նադ­րու­թեան հար­ցին պատ­ճա­ռով փոք­րա­մաս­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը չեն կրնար կա­տա­րել ընտ­րու­թիւն­ներ եւ այս պատ­ճա­ռով կ՚ապ­րին վար­չա­կան ճգնա­ժամ մը։ Սե­լի­նա Տո­ղան հա­մո­զուած է, թէ նոր կա­նո­նադ­րու­թեան չհրա­պա­րակ­ման պա­րա­գա­յին փոք­րա­մաս­նա­կան վա­քըֆ­նե­րը կրնան ընտ­րել ի­րենց վար­չա­յին­նե­րը։

Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի դի­ւա­նին ներ­կա­յա­ցու­ցած հարց­ման ա­ռա­ջար­կին մէջ Սե­լի­նա Տո­ղան յի­շե­ցու­ցած է, որ փոք­րա­մաս­նա­կան վա­քըֆ­նե­րու ընտ­րու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ կա­նո­նադ­րու­թիւ­նը ջնջուած է 19 Յու­նուար 2013 թուա­կա­նի դրու­թեամբ։ Այդ թուա­կա­նէն ի վեր խնդրոյ ա­ռար­կայ վա­քըֆ­նե­րը ի վի­ճա­կի չեն ընտ­րու­թիւն կա­տա­րե­լու, ինչ որ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու ա­մե­նա­կա­րե­ւոր խնդիր­նե­րէն մէ­կուն վե­րա­ծուած է ներ­կա­յիս։ Կա­նո­նադ­րու­թիւ­նը չի հրա­պա­րա­կուիր, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ այս ուղ­ղու­թեամբ խոս­տում մը տրուած է ուղ­ղա­կի Փոխ-վար­չա­պետ Պիւ­լենտ Ա­րըն­չի կող­մէ։ Հե­տե­ւա­բար, Սե­լի­նա Տո­ղան պա­հան­ջած է, որ իր հարց­ման ա­ռա­ջար­կին պա­տաս­խա­նը տրուի նոյ­նինքն Պիւ­լենտ Ա­րըն­չի կող­մէ։ Ան հարց տուած է, թէ ին­չո՞ւ ջնջուած է կա­նո­նադ­րու­թիւ­նը, ին­չո՞ւ տա­կա­ւին չէ պատ­րաստուած նո­րը, ար­դեօք նոր կա­նո­նադ­րու­թեան պատ­րաս­տու­թեան հա­մար աշ­խա­տանք կը տա­րուի՞ եւ այդ մէ­կը ե՞րբ պի­տի հրա­պա­րա­կուի։

Իր յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ Սե­լի­նա Տո­ղան ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րած է, թէ կա­նո­նադ­րու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մըն է եւ ձե­ւա­կան հարց մը ըլ­լա­լէ ան­դին կը հա­մա­րուի ինք­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ խնդիր մը։ Ըստ ի­րեն, փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու հա­ւա­քա­կան կեանքի կար­գա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ նուրբ նիւթ մըն է այս մէ­կը, հե­տե­ւա­բար ան կ՚ա­ռընչուի ինք­նու­թեան գո­յա­տեւ­ման խնդրին հետ եւ այս կա­պակ­ցու­թեամբ ժամ ա­ռաջ պէտք է վե­րա­հաս­տա­տուի հա­ւա­սար քա­ղա­քա­ցիու­թեան սկզբուն­քը։ Ե­թէ ընտ­րու­թիւն­նե­րու ձեռ­նար­կե­լու հա­մար նոր կա­նո­նադ­րու­թիւն մը պի­տի չհրա­պա­րա­կուի, ա­պա այս վա­քըֆ­նե­րը ու­նին խոր ա­ւան­դու­թիւն­ներ եւ վար­չա­կան պա­շար՝ որ­պէս­զի ի­րենք իսկ կա­րե­նան կա­տա­րել ի­րենց ընտ­րու­թիւն­նե­րը, ընտ­րել ի­րենց վար­չա­յին­նե­րը եւ ըստ այդմ շա­րու­նա­կել ի­րենց ճա­նա­պար­հը։

Նոյն կա­պակ­ցու­թեամբ Սե­լի­նա Տո­ղան ընդգ­ծած է, թէ փոք­րա­մաս­նա­կան վա­քըֆ­նե­րը ի­րենց պատ­կա­նած հա­մայն­քի բա­րե­սի­րա­կան, կրօ­նա­կան, մշա­կու­թա­յին, կրթա­կան, ըն­կե­րա­յին եւ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան կա­րիք­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար ստեղծուած են։ Օս­մա­նեան շրջա­նէն ի վեր ա­նոնց ընտ­րու­թիւն­նե­րը կա­նո­նա­ւոր ձե­ւով կ՚ի­րա­կա­նա­ցուին՝ պատ­կան հա­մայն­քի ժո­ղովր­դագ­րա­կան ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան ձե­ւով։ Սե­լի­նա Տո­ղան մէջ­բե­րած է նաեւ թիւ 5737 Վա­քըֆ­նե­րու օ­րէն­քի 6-րդ յօ­դուա­ծին հե­տե­ւեալ տրա­մադ­րու­թիւ­նը. «Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու վար­չա­յին­նե­րը կ՚ընտ­րուին այդ հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րու շար­քէն։ Վա­քըֆ­նե­րու վար­չա­յին­նե­րուն ընտ­րա­կան ձե­ւերն ու կա­նոն­նե­րը կը կար­գա­ւո­րուին կա­նո­նադ­րու­թեամբ»։

Օ­րէն­քի այս տրա­մադ­րու­թեան լոյ­սին տակ Սե­լի­նա Տո­ղան ընդգ­ծած է, որ գոր­ծադ­րու­թեան ժա­մա­նակ ապ­րուած կա­ղա­ցում­նե­րու պատ­ճա­ռով, հա­մայնք­նե­րուն ալ հա­ւա­նու­թեամբ 19 Յու­նուար 2013 թուա­կա­նին ջնջուած է վեր­ջին կա­նո­նադ­րու­թիւ­նը։ Տա­կա­ւին նոր կա­նո­նադ­րու­թիւ­նը չէ հրա­պա­րա­կուած։ Այս ե­րե­ւոյ­թը մէկ կող­մէ ոտնձ­գու­թիւն մըն է ընտ­րե­լու եւ ընտ­րուե­լու ի­րա­ւուն­քին դէմ, իսկ միւս կող­մէ խո­չըն­դոտ մը կը հան­դի­սա­նայ՝ որ­պէս­զի պատ­կան հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րը այդ վա­քըֆ­նե­րուն մի­ջո­ցաւ կա­րե­նան լիար­ժէք ձե­ւով օգ­տուիլ ի­րենց մշա­կու­թա­յին, ըն­կե­րա­յին եւ կրօ­նա­կան ի­րա­ւունք­նե­րէն։ Սե­լի­նա Տո­ղան շեշ­տած է նաեւ, որ երկ­րի օ­րէնսդ­րու­թեան մէջ փոք­րա­մաս­նա­կան վա­քըֆ­նե­րը ինք­նու­րոյն կը հա­մա­րուին, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք կը հան­դի­սա­նան միակ ի­րա­ւա­բա­նա­կան ան­ձե­րը, ո­րոնց վար­չա­յին­նե­րու ընտ­րու­թիւ­նը կը կա­նո­նա­կար­գուի կա­նո­նադ­րու­թեան մը մի­ջո­ցաւ։ Հե­տե­ւա­բար, նոր կա­նո­նադ­րու­թեան ժամ ա­ռաջ հրա­պա­րա­կուի­լը անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մըն է թէ՛ ներ­քին ի­րա­ւուն­քին եւ թէ Թուր­քիոյ կող­մէ ստո­րագ­րուած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ձայ­նագ­րե­րուն տե­սա­կէ­տէ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2015