Կիրակի 16, Փետրուար 2025
ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՆՈՐ ԴԵՍՊԱՆԸ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Գերմանիոյ նորանշանակ դեսպան Մաթիաս Քեսլէրը, որ յանձնեց իր հաւատարմագրերուն պատճէնը։ Զրոյցի տեւողութեան քննարկուեցան Հայաստան-Գերմանիա եւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Նկատի ունենալով, որ յաջորդ տարի Գերմանիա պիտի ստանձնէ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի պաշտօնը՝ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ այս նիւթին։ Նախարարն ու դեսպանը կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ միջազգային ու տարածքաշրջանային խնդիրներու շուրջ։
Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2015